«Կուկըլ» փակած է աւելի քան 6 հազար ազերպայճանական քարոզչական ալիքներ
2025-ին «Կուկըլ» փակած է Հայաստանը թիրախաւորող աւելի քան 6 հազար ազերպայճանական քարոզչական ալիքներ
Ըստ «Կուկըլ»-ի Սպառնալիքներու վերլուծութեան խումբին (Threat Analysis Group), 2025 թուականին կասեցուած է ազերպայճանական պետական քարոզչութեան առնչուող 6028 «Եութուպ»-ի (YouTube) ալիք։ Հակառակ անոր որ այս թիւը նուազած է 2024-ի համեմատ (երբ փակուած էր 14 հազար ալիք), ան կը մնայ ընկերութեան տարեկան ամենամեծ հետաքննութիւններէն մէկը։ «Հետք»-ի համաձայն՝ 2021-էն ի վեր հեռացուած ազերպայճանական ալիքներուն ընդհանուր թիւը կը գերազանցէ 22 հազարը:
Այս ալիքները, տարուան բոլոր ամիսներուն, բացառապէս ազերպայճաներէնով կը հրապարակէին տեսանիւթեր՝ գովերգելով երկրին կառավարութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ թիրախաւորելով Հայաստանն ու ազերպայճանական ընդդիմութիւնը։ Ի տարբերութիւն ռուսական բազմալեզու եւ բազմաբնոյթ քարոզչական ցանցերուն, ազերպայճանականը կեդրոնացած էր միայն մէկ լեզուի վրայ: Նշուած տուեալները կը վերաբերին խստօրէն նպատակային քարոզչութեան եւ չեն ընդգրկեր հարթակի այլ կանոններու խախտման պատճառով հեռացուած էջերը։
Յատկանշական է, որ 2025-ին ազերպայճանական այս ցանցի վերացումը «Կուկըլ»-ի գործողութիւններու ցանկին մէջ գրաւած է երրորդ տեղը՝ զիջելով միայն Չինաստանի (աւելի քան 45 հազար) եւ Ռուսաստանի (14 հազար) առնչուող ալիքներու փակումներուն:
