Ֆրանսա դէմ է Հորմուզի նեղուցին մէջ ՕԹԱՆ-ի որեւէ գործողութեան

Ֆրանսայի ՊՆ

Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարարութիւն. «ՕԹԱՆ-ը պէտք չէ ներգրաւուի Հորմուզի նեղուցի ապաշրջափակման գործողութիւններուն»

Ֆրանսայի Պաշտպանութեան փոխնախարար Ալիս Ռիւֆօ յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ-ը պէտք չէ մասնակցի Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան ապաշրջափակման գործողութիւններուն:

«Le Point» շաբաթաթերթին կազմակերպած «Պատերազմներ եւ խաղաղութիւն» համաժողովին ընթացքին, Ռիւֆօ ընդգծած է, որ նման ներգրաւում կրնայ հակասել միջազգային իրաւունքին եւ դուրս է դաշինքի լիազօրութիւններէն: “ՕԹԱՆ-ը ռազմական դաշինք մըն է, որ պատասխանատու է եւրատլանտեան տարածքի անվտանգութենէն, եւ նախատեսուած չէ Հորմուզի նեղուցին մէջ ուժային գործողութիւններու համար, որոնք պիտի չհամապատասխանէին միջազգային իրաւունքին”,– նշած է ան:

Փոխնախարարը միաժամանակ ըսած է, որ կը հասկնայ Միացեալ Նահանգներու դժգոհութիւնը՝ դաշնակիցներուն կողմէ ռազմական աջակցութեան մերժումին առնչութեամբ: Նշենք, որ Ռիւֆոյի այս խօսքերը կը հնչեն ի պատասխան Տանըլտ Թրամփի վերջին յայտարարութիւններուն, ուր ան ըսած էր, թէ քանի որ Մեծն Բրիտանիան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ միւս երկիրները,– Իրանի դէմ պատերազմին,– չօգնեցին Միացեալ Նահանգներուն, թող անոնք երթան ու անձամբ՝ իրենց ուրոյն միջոցներով ձեռք բերեն իրենց քարիւղը Հորմուզի նեղուցէն:

Հակառակ այս լարուածութեան, ըստ Ռիւֆոյի, Ֆրանսան կողմնակից է նաւարկութեան ազատութեան վերականգնման՝ ոչ թէ ռազմական, այլ այլընտրանքային միջոցներով: “Մենք կ՚աջակցինք նաւերու երթեւեկութեան վերականգնման, բայց ոչ յարձակողական ճամբով”,– շեշտած է ան: