12-րդ դարու հայկական եկեղեցւոյ հազուագիւտ դուռը կը վերադառնայ հայրենիք
Ութ ծանօթ նմուշներէն մէկը այժմ կը ցուցադրուի Երեւանի մէջ
12-րդ դարու (1188 թուական) հայկական եկեղեցւոյ հազուագիւտ դռան փեղկ մը, որ վերջերս ձեռք բերուած է Լոնտոնէն, վերադարձած է հայրենիք։ Այս բացառիկ իրադարձութիւնը մաս կը կազմէ արտասահմանեան աճուրդներու եւ անհատական հաւաքածոներու մէջ յայտնուած մշակութային ժառանգութեան արժէքները հայրենիք վերադարձնելու Հայաստանի շարունակական ջանքերուն։ Ապրիլ 3-էն ի վեր, գլուխ-գործոցը հանրութեան կը ներկայացուի Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ (Երեւան)։
Պատմական մեծ արժէք ներկայացնող այս մասունքը գնուած է Լոնտոնի «Սամ Ֆոկ» (Sam Fogg) ցուցասրահէն՝ պետական աջակցութեամբ իրականացուած յատուկ գործընթացի մը միջոցով։ Զայն միջազգային աճուրդէն ապահովելու եւ Հայաստան տեղափոխելու նպատակով՝ Կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն յատկացուած է 175 միլիոն 360 հազար դրամ (շուրջ 460.000 տոլար)։
Գործարքը կատարուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան՝ մշակութային արժէքներու հայրենադարձութեան պետական ծրագիրի ծիրէն ներս, իսկ գումարը տրամադրուած է Մշակութային զարգացման հիմնադրամին, գնումն ու տեղափոխութիւնը կազմակերպելու համար։
Արեւելեան ընկուզենիի փայտէ քանդակուած այս հոյակապ դռան փեղկը կը պատկանի Բագրատունեաց շրջանի փայտարուեստի աւանդութիւններուն։ Անոր տարիքը հաստատուած է ռատիօածխածնային (radiocarbon) վերլուծութեամբ, եւ արուեստաբաններն ու փորձագէտները կ՚ընդգծեն անոր բացառիկ կարեւորութիւնը՝ միջնադարեան հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան տեսանկիւնէն։
Փայտագործութեան պատկերագրութիւնը կը համադրէ աստուածաշնչեան եւ արքայական նիւթեր։ Կեդրոնական բաժինին մէջ քանդակուած է Դանիէլ մարգարէն՝ առիւծներու գուբին մէջ, իսկ վարի հատուածներուն մէջ կան գազաններու կռիւի տեսարաններ, որոնք խորհրդանշական զուգահեռներ ունին Դանիէլի մարգարէութեան գիրքին մէջ նկարագրուած տեսիլքներուն հետ։ Դռան վրայ կը տեսնուի նաեւ ծաղկաբողբոջներով եւ պտուղի խորհրդանիշով զարդարուած «թեւաւոր» խաչ մը, որ կ՚արտացոլայ հայկական եկեղեցական արուեստին մէջ յաճախ հանդիպող Կենաց ծառի գաղափարը։
Յատկանշական է, որ մինչեւ 1990-ական թուականները յայտնի էին փայտեայ դռներու նմանօրինակ միայն ութ նմուշներ, ինչ որ այս վերադարձած մասունքը կը դարձնէ միջնադարեան հայկական փայտարուեստի ամենահազուագիւտ փրկուած կոթողներէն մէկը։
