Մահ՝ Զօրի Բալայեանի
Ապրիլ 5-ին, Սուրբ Յարութեան օրը, Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հանրածանօթ գրող, բժիշկ եւ Արցախեան շարժումի գլխաւոր ռահվիրաներէն Զօրի Բալայեանը։ 1935-ին Ստեփանակերտ ծնած գործիչին մահուան գոյժը յայտնած է անոր որդին՝ Հայկ Բալայեանը։
Մասնագիտութեամբ բժիշկ Բալայեան իր երիտասարդութեան տարիներուն ուշադրութեան արժանացած է արկածախնդիր ոգիով. Քամչաթքայի մէջ աշխատելու շրջանին նաւակներով ու շնասահնակներով կտրած է տասնեակհազարաւոր քիլոմեթրեր՝ հասնելով մինչեւ Հիւսիսային ովկէանոս։ Սակայն անոր կեանքին գլխաւոր առաքելութիւնը դարձած է Հայ դատի ու Արցախի պաշտպանութիւնը։ Իր հռչակաւոր «Օջախ» գիրքին պատճառով ան դարձած է ազերպայճանական հալածանքներու թիրախ, բայց երբեք չէ ընկրկած։
1988-էն սկսեալ Բալայեան հանդիսացած է Արցախեան ազատագրական պայքարի առանցքային դէմքերէն մէկը։ Բալայեան Արցախի հիմնախնդիրը հասցուցած է մինչեւ Խորհ. Միութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւն, Մոսկուայի մէջ հացադուլի դիմած եւ ընտրուած Խորհ. Միութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) պատգամաւոր։ Պատերազմի ամէնէն բուռն տարիներուն ան մնայուն կերպով գտնուած է ճակատին վրայ՝ արժանանալով «Կոմիսար» պատուանունին եւ համակարգելով միջազգային մարդասիրական օգնութիւնը։
Յետպատերազմեան շրջանին Արցախի հարցը միջազգայնացնելու նպատակով ան «Կիլիկիա» եւ «Արմենիա» նաւերով աշխարհին շուրջ ճամբորդութիւններ կատարած է՝ ովկէանոսները հատելով Արցախի պետական դրօշը բարձր պահած։ Ազգանուէր այս բացառիկ ծառայութիւններուն համար 2006 թուականին ան արժանացած է ԼՂՀ բարձրագոյն՝ «Արցախի հերոս» կոչումին։
