Իրան կը սպառնայ լքել հրադադարը
Այս զարգացումներուն զուգահեռ, Թեհրանի մէջ գործող «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ երկրի բարձրագոյն իշխանութիւններուն մօտիկ աղբիւրներ յայտարարած են, թէ Իրան պիտի լքէ հրադադարի դրութիւնը, եթէ Իսրայէլ շարունակէ հարուածներ հասցնել Լիբանանին։ Միւս կողմէ, իրանեան մէկ այլ լրասփիւռի՝ «Ֆարս» գործակալութեան համաձայն ալ՝ Իսլամական Հանրապետութեան ռազմածովային ուժերը, Իսրայէլի կողմէ Լիբանանին հասցուած վերջին հարուածներէն անմիջապէս ետք, արդէն իսկ դադրեցուցած են քարիւղատար նաւերու երթեւեկը Հորմուզի նեղուցով։
