Թրամփի՝ ոչնչացման ճանապարհը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Նա­խագահ Թրամ­փի ան­հա­ւատա­լիօրէն ան­մարդկա­յին յայ­տա­րարու­թիւնը, թէ՝ «ամ­բողջ քա­ղաքակրթու­թիւն մը պի­տի ոչնչա­ցուի այս իրի­կուն», կրնայ Մեր­ձա­ւոր եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի տա­րածաշրջա­նը հրոյ ճա­րակ դարձնել, հիւ­լէական պա­տերազմ բռնկեց­նել եւ աշ­խարհը ան­դունդ առաջ­նորդել։ ԱՄՆ-ու Գոնկրէ­սի դե­մոկ­րատ խորհրդա­րանա­կան­նե­րը կոչ կ՚ուղղեն Թրամ­փը հո­գեպէս ան­կա­րող ճանչնա­լու եւ պաշ­տօ­նազրկե­լու։

Մինչ այդ, Իրա­նի դէմ ԱՄՆ-ու եւ Իս­րա­յէլի սան­ձա­զեր­ծած պա­տերազ­մը թե­ւակո­խեց իր 40-րդ օրը, հա­կառակ անոր, որ յար­ձա­կու­մը պէտք է տե­ւէր ըն­դա­մէնը քա­նի մը շա­բաթ։ Նա­խագահ Թրամփ ոչ մէկ յստակ նպա­տակ ճշդած է այս պա­տերազ­մին հա­մար, օրէ-օր նոր պայմանաժամեր եւ պա­հանջներ կը ներ­կա­յաց­նէ։

Իրան կը դի­մադ­րէ եւ ցա­ւոտ հա­րուած­ներ կը հասցնէ իս­րա­յէլեան եւ ամե­րիկեան շա­հերուն. թէ՛ ուղղա­կիօրէն ծո­վային ու­ժե­րուն եւ Ծո­ցի եր­կիրնե­րու մէջ անոնց ռազ­մա­կան խա­րիսխնե­րուն դէմ, եւ թէ՛ անուղղա­կիօրէն՝ ԱՄՆ-ու դաշ­նա­կից պե­տու­թիւննե­րու մէջ ամե­րիկեան ըն­կե­րու­թիւննե­րու շա­հերուն։ Վեր­ջա­պէս, Իրան Հոր­մուզի նե­ղու­ցով Պար­սից ծո­ցին մէջ աշ­խարհա­քաղա­քական խիստ զգա­յուն դիր­քի տէր է։ Ան գոր­ծադրեց իր բազ­միցս հնչե­ցու­ցած սպառ­նա­լիքը՝ ան­մի­ջապէս կրկնա­պատ­կե­լով վա­ռելա­նիւ­թի գի­նը քա­րիւ­ղի մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յին վրայ։

ԱՄՆ-ու նա­խագա­հը բռնած է Իրա­նը ոչնչաց­նե­լու մութ ճա­նապար­հը։ Հիւլէակա­յան­նե­րը հա­րուա­ծելէ ետք, ներ­կա­յիս թի­րախ դար­ձուցած է Իրա­նի քա­ղաքա­ցիական են­թա­կառոյցնե­րը եւ կը քան­դէ երկ­րին տնտե­սական հարստու­թիւնը. արարք մը, որ մի­ջազ­գա­յին օրէն­քով խստիւ ար­գի­լուած ըլ­լա­լով՝ կը դա­սուի պա­տերազ­մա­կան ոճիր­նե­րու շար­քին։ Ան­մարդկա­յին ու դժո­խային ռազ­մա­վարու­թիւն մը, որ իրան­ցի ժո­ղովուրդին առօ­րեան կը դարձնէ ան­տա­նելի։

Վատթարագոյն բե­մագ­րութիւ­նը պի­տի ըլ­լայ Իրա­նի վար­չա­կար­գին տա­պալու­մը, ինչ որ տա­րածաշրջա­նը պի­տի մխրճէ քաոսի մէջ. կա­ցու­թիւն մը, որ­մէ ոչ մէկ եր­կիր կամ ժո­ղովուրդ անվնաս դուրս պի­տի գայ։ Միակ շա­հողը պի­տի ըլ­լայ Նե­թանիահուն եւ Իս­րա­յէլի իշ­խող ու­ժը։

Այս դժո­խային պայ­մաննե­րուն մէջ Հա­յաս­տան կը շա­րու­նա­կէ յաղ­թա­հարել 2020-ի պա­տերազ­մի հե­տեւանքնե­րը, վե­րագտնել իր կա­յու­նութիւնն ու բա­րօրու­թիւնը։ Ան կը պատ­րաստուի Յու­նիս 7-ի ընտրու­թիւննե­րուն, կը ձգտի ամ­րագրել խա­ղաղու­թեան գոր­ծընթա­ցը, զար­գացնել տնտե­սու­թիւնը եւ հա­ւասա­րակշռուած ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թիւն վա­րելով՝ ձեր­բա­զատիլ Ռու­սաստանէն ու­նե­ցած ամ­բողջա­կան կա­խեալ վիճակէն, եւ այս բո­լորը՝ հա­կառակ Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ Արե­ւելեան Եւ­րո­պայի մէջ մղուող պա­տերազմնե­րուն։

Կով­կա­սի շուրջ ըն­թա­ցող պա­տերազմնե­րը ծանր հե­տեւանքներ պի­տի ու­նե­նան ներ­քին քա­ղաքա­կան իրա­վիճա­կին վրայ, եթէ ու­ժե­րու ներ­կայ հա­ւասա­րակշռու­թիւնը կտրուկ կեր­պով խախ­տի ի նպաստ Իրա­նի կամ ԱՄՆ-ու։ Իրա­նի յաղ­թա­նակը պի­տի նշա­նակէ ամե­րիկեան ազ­դե­ցու­թեան նա­հանջ, ինչ որ հար­ցա­կանի տակ պիտի դնէ այսպէս կո­չուած թրամ­փեան ու­ղիի կա­ռու­ցումը։ Իսկ Իրա­նի պար­տութեան պա­րագա­յին՝ այդ երկրի ապա­կայու­նա­ցու­մը Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նը աւե­լի խո­ցե­լի պի­տի դարձնէ՝ զօ­րաց­նե­լով ռուս-ազեր­պայճա­նա-թրքա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը։

Իրա­նի ան­կա­յու­նութիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ տնտե­սական տագ­նա­պալի հե­տեւանքներ, որով­հե­տեւ ճիշդ այդ երկրին մի­ջոցով է, որ Հա­յաս­տան առեւտրա­յին յա­րաբե­րու­թիւն կը պահ­պա­նէ Հնդկաս­տա­նի, Չի­նաս­տա­նի եւ հա­րաւի այլ եր­կիրնե­րու հետ։ Բնա­կան քա­րիւ­ղի եւ նաւ­թամթեր­քի գի­ներու սղա­ճը ար­դէն իսկ ծանր հե­տեւանքներ կը յա­ռաջաց­նէ։ Կրնայ ծայր առ­նել նաեւ գաղ­թա­կան­նե­րու հոսք մը Իրա­նէն։

Գա­լիք ամիս՝ Մա­յիսին, Երե­ւանի մէջ նա­խատե­սուած է Եւ­րո­պական քա­ղաքա­կան հա­մայնքի վեհա­ժողո­վը. եթէ պա­տերազ­մը շա­րու­նա­կուի եւ անվտան­գութեան պայ­մաննե­րը չնե­րեն, ժո­ղովը կրնայ չկա­յանալ։ Ամէն պա­րագա­յի, ան­կախ իր ել­քէն, այս պա­տերազ­մը ընդմիշտ պի­տի փո­խէ աշ­խարհի դի­մագի­ծը։ 

Ժ.Չ. ■