2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները

ընտրութիւն

Քաղաքական դաշտի նոր վերադասաւորումները

Ընդամէնը երկու ամիս մեզ կը բաժնէ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն, եւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ գործող կուսակցութիւնները սկսած են վերջնական տեսքի բերել իրենց մօտեցումներն ու ընտրապայքարի ձեւաչափերը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած՝ իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը կանխած է միւսները եւ արդէն Ապրիլ 3-ին հրապարակած է իր նախընտրական ծրագիրը։ Այս փաստաթուղթը կը բովանդակէ 2026-2031 թուականներու համար նախատեսուած 100 հիմնական թիրախներ՝ երկրի զանազան մարզերուն վերաբերեալ։ Հաւատարիմ իրենց սովորութեան՝ իշխանութիւնները այս անգամ եւս կը մերժեն այլ ուժերու հետ դաշինք կազմելու գաղափարը եւ կը գերադասեն ասպարէզ իջնել լիովին առանձին։

Միւս կողմէ, ընդդիմադիր դաշտի աւանդական բեւեռները արմատական վերաձեւաւորման փուլի մէջ են։ Մինչ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը նախընտրէ դաշինքային ձեւաչափը, Հանրապետական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ ուղղակի պիտի չմասնակցի, իսկ խորհրդարանական «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքներուն ներսը լուրջ փոփոխութիւններ կ՚ընթանան։ Այս բոլորին մէջ, սակայն, ընտրական գործընթացի ամէնէն ուշագրաւ եւ ազդեցիկ նոր բեւեռը արագօրէն կը դառնայ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի հովանաւորած «Ուժեղ Հայաստան» համախմբումը։ Քանի որ Կարապետեան ունի նաեւ Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն եւ սահմանադրական արգելքի պատճառով չի կրնար անմիջականօրէն վարչապետի թեկնածու առաջադրուիլ, նախընտրական ցուցակը կը գլխաւորէ Նարեկ Կարապետեանը։

Այս նորաստեղծ ուժը, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցելու «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ» դաշինքով՝  լուրջ վերադասաւորումներու կ՚ենթարկէ բովանդակ ընդդիմադիր ճամբարը՝ իր շուրջ համախմբելով զանազան քաղաքական կուսակցութիւններ։ Օրինակ՝ «Կայունութիւն» կուսակցութենէն եւ Հայաստանի Ժողովրդավարական Ազատական Միութենէն (ՀԺԱՄ) բացի, անցեալ շաբաթավերջին Սամուէլ Կարապետեանին աջակցելու մասին յայտարարեց նաեւ նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան՝ իր ղեկավարած «Ազատութիւն» կուսակցութեան հետ միասին։ Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախկին նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը նոյնպէս յայտնեց, որ առանձին պիտի չմասնակցի ընտրութիւններուն եւ իր աջակցութիւնը պիտի բերէ Կարապետեանի շուրջ ձեւաւորուած համազգային համախմբումին։ Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ թէեւ քննարկումներ ունեցած են Սամուէլ Կարապետեանի, Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեանի եւ «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան հետ ու հասարակաց կարծիք չեն կրցած գոյացնել, բայց եւ այնպէս ինք համոզուած է, որ «պարտութիւններ բերած եւ կեղծաւոր խաղաղութեան մասին խօսող Փաշինեանի վարչակարգը պէտք է հեռանայ»։

Նմանապէս, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ Ազգային Կոնգրէսը (ՀԱԿ) հրապարակած յայտարարութեամբ մը դիտել տուաւ, որ հնարաւոր չէ եղած «ազգակործան վարչակարգին դէմ» մեծ ճակատ մը ստեղծելու նպատակով դաշինք կազմել Սամուէլ Կարապետեանի առաջնորդած ուժին հետ, հետեւաբար ՀԱԿ-ը որոշած է ընտրութիւններուն մասնակցիլ անջատաբար։ Հակառակ տապալած այս բանակցութիւններուն, սակայն, ՀԱԿ-ը կը յայտնէ, որ պատրաստ է համագործակցելու «Ուժեղ Հայաստան»-ի եւ այլ ընդդիմադիր ուժերու հետ թէ՛ նախընտրական եւ թէ՛ յետընտրական փուլերուն, որպէսզի խորհրդարանին մէջ հակաիշխանական համախոհութիւն կազմուի եւ «երկիրը փրկուի վերահաս սպառնալիքներէն»։

Միեւնոյն ժամանակ, որպէս այլընտրանքային «երրորդ ուղի» կը փորձեն հանդէս գալ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի գլխաւորած «Նոր ուժ»-ը եւ գործուն մասնակցութեան պատրաստուող «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը։ Սակայն ակնյայտ է, որ իշխանութեան գլուխը գտնուող կուսակցութեան դիմաց «Ուժեղ Հայաստան»-ը արագօրէն կը կեդրոնացնէ ընդդիմադիր ձայները՝ մինչ նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը լուրջ նահանջ կ՚արձանագրէ. իրողութիւն մը, որ ցոյց կու տայ, թէ նորաստեղծ այս համախմբումը մեծ հաւանականութեամբ պիտի դառնայ յաջորդ խորհրդարանի ամենաազդեցիկ բեւեռներէն մէկը։