Առաջին եռամսեային՝ զբօսաշրջութեան մրցանիշ

Զբօսաշրջութիւն

2026-ի առաջին երեք ամիսներուն Հայաստան հիւրընկալած է 453.138 զբօսաշրջիկ՝ սահմանելով նոր մրցանիշ մը Հայաստանի զբօսաշրջութեան պատմութեան առաջին եռամսեային (Յունուար-Մարտ) համար։ Սա կը ներկայացնէ 18,2% աճ, կամ աւելի քան 70.000 յաւելեալ այցելու՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ։ Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին վրայ հրապարակուած տեսերիզով յայտարարած է Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան։

2026-ի այս հզօր սկիզբը կը յաջորդէ 2025-ի զբօսաշրջութեան շարունակական աճին, երբ Հայաստան արձանագրած էր աւելի քան 2,26 միլիոն զբօսաշրջիկի այցելութիւն. թիւ մը, որ 2,5% աւելի է 2024-ի գրեթէ 2,21 միլիոնէն։

Յունուարին Պապոյեան յայտարարած էր, որ 2025-ի Դեկտեմբերին Հայաստան այցելած է աւելի քան 139.000 զբօսաշրջիկ, ինչ որ զայն դարձուցած է երկրի պատմութեան լաւագոյն Դեկտեմբերը։

Անդրադառնալով ապագային՝ Զբօսաշրջութեան կոմիտէի ղեկավար Լուսինէ Գէորգեան կանխատեսած է, որ յառաջիկայ հինգ տարիներուն Հայաստան կրնայ տարեկան հիւրընկալել առնուազն երեք միլիոն այցելու, որ մօտաւորապէս կը հաւասարի երկրի բնակչութեան թիւին։ Ան աւելցուցած է, որ մէկ տասնամեակի ընթացքին այդ թիւը կրնայ հասնիլ տարեկան հինգ միլիոնի։