Դիմակաւոր իսրայէլացիներ յարձակած են Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայոց վրայ

Իսրայէլ

Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայեր Ապրիլ 10-ին անգամ մը եւս յարձակման ենթարկուած են իսրայէլացի գաղութարար վերաբնակիչներու (colons) կողմէ։ Վերջիններս, իրենց դէմքերը ծածկած, գրոհած են հայ քահանաներու վրայ, մինչ հայերը փայտերով եւ քարերով դիմադրած են անոնց: Միջադէպը տեսագրուած է։

Հայերը Երուսաղէմի Հին քաղաքին (Պաղեստին) մէջ գոյութիւն ունին 1700 տարիէ ի վեր, երբ 301 թուականին Հայաստան դարձաւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկիրը: Հայկական թաղամասը ամէն օր վտանգի ենթակայ է զինուած իսրայէլացի վերաբնակիչներու կողմէ, որոնց նպատակն է խլել անոնց հողերը: