Հայաստանի ջրային հարստութիւնն ու զայն պահպանելու հրամայականը

Հայաստանի ջրային հարստութիւնները

Հայաստան հարուստ է բազմաթիւ բնական պաշարներով, որոնց ամէնէն կարեւորագոյններէն եւ երկրին ապագայ աճին համար նշանակալիցներէն են ջրային պաշարները: Շատեր Հայաստանը կը ճանչնան Սեւանայ լիճով եւ Թուրքիոյ հետ սահմանին հոսող Արաքս գետով, սակայն Հայաստան ունի տասնեակներով այլ լիճեր, լճակներ եւ ջրային մեծ տարածքներ: Երկիրը ունի հարիւրաւոր գետեր եւ անթիւ գետակներ ու վտակներ:

Հայաստանի մէջ կան նաեւ աւելի քան տասնեակ մը բնական ջրվէժներ, աւելի քան 800 աղբիւրներ եւ նոյնիսկ որոշ սառցադաշտեր:

Անհրաժեշտ է աւելի ծաւալուն աշխատանք տանիլ լաւագոյնս կառավարելու եւ պահպանելու մեր ջրային պաշարները ապագայ սերունդներուն համար:

(Քարտէսը՝ Ռեմ Դարբինեանի)