Դեսպան Խաչատրեանի հանդիպումները բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ
Ապրիլ 8-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան եւ Ֆրանսախօսութեան մնայուն խորհուրդին մէջ վարչապետի անձնական ներկայացուցիչ Արման Խաչատրեան դիւանագիտական հանդիպումներ ունեցած է Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ՝ քննարկելով հայ-ֆրանսական օրակարգային հարցերն ու Հայաստանի մէջ կայանալիք միջազգային կարեւոր համաժողովները։
Հանդիպում՝ Էլէոնոր Քարուայի հետ
Դեսպանը նախ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսախօսութեան, միջազգային գործընկերութիւններու եւ արտասահմանի մէջ բնակող ֆրանսացիներու հարցերու լիազօր նախարար Էլէոնոր Քարուային հետ։ Զրոյցին առանցքը կազմած է միջազգային կառոյցներէ եւ յատկապէս ֆրանսախօսութեան ծիրէն ներս երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած աշխուժ համագործակցութիւնը։
Արման Խաչատրեան ներկայացուցած է 2027-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօսութեան 10-րդ միջազգային մարզամշակութային խաղերու նախապատրաստական աշխատանքները՝ վերահաստատելով Երեւանի յանձնառութիւնը զանոնք բարձր մակարդակով հիւրընկալելու գործին մէջ։ Երկուստեք շեշտուած է այս խաղերուն կարեւորութիւնը՝ որպէս ֆրանսերէնի զարգացման եւ ֆրանսախօսութեան արժէքներու տարածման նպաստող միջոցառում։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ այս տարի Հայաստանի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի կենսաբանական բազմազանութեան մասին համաձայնագիրի 17-րդ համաժողովին (COP17)։ Դեսպանը ֆրանսական կողմին պարզած է Հայաստանի տեսլականը՝ ուղղուած բոլոր շահագրգիռ կողմերու լիարժէք եւ բովանդակային մասնակցութեան ապահովման։
Նաեւ՝ Մարթէն Պրիանսի հետ
Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան նորանշանակ ընդհանուր քարտուղար Մարթէն Պրիանսի հետ։ Կողմերը ընդգծած են երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ խորացման ու յառաջիկայ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց գերատեսչութիւններուն միջեւ դիւանագէտներու վերապատրաստման եւ լաւագոյն փորձառութեան փոխանակման անհրաժեշտութիւնը։

Այս ծիրէն ներս, դեսպանը Պրիանսին ներկայացուցած է յառաջիկային Հայաստանի հիւրընկալելիք միջազգային կարեւոր ձեռնարկները, մասնաւորապէս՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովը, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն անդրանիկ վեհաժողովը եւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» համաժողովը։
Խաղաղութեան օրակարգը Հարաւային Կովկասի մէջ
Երկու հանդիպումներուն ընթացքին ալ Հայաստանի դեսպանը յատուկ անդրադարձ կատարած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան՝ ընդգծելով ատոր հետագայ ամրապնդման եւ տարածաշրջանի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման օրակարգը յառաջ մղելու կենսական կարեւորութիւնը:
