Մերձաւոր Արեւելքի նոր տագնապը՝ «երկնային պարգեւ» Ռուսաստանին
2026 Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներու նորագոյն տուեալներով, Ռուսաստանի քարիւղի եկամուտները հսկայական եւ կտրուկ աճ արձանագրած են՝ գերազանցելով նոյնիսկ 2022-ի մակարդակը։ Ըստ «Ukrinform» եւ «TRT World» լրասփիւռներուն, այս ոստումին գլխաւոր պատճառը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծագած նոր հակամարտութեան եւ ծովային փոխադրութեան խափանումներուն հետեւանքով՝ համաշխարհային շուկայի վրայ ուժանիւթի գիներու շեշտակի բարձրացումն է:
Եթէ այս տարուան Փետրուարին, Ռուսաստանի՝ քարիւղէն ստացած եկամուտը կը կազմէր 9,75 միլիառ տոլար, Մարտին այդ ցուցանիշը գրեթէ կրկնապատկուելով՝ հասած է մօտաւորապէս 19 միլիառ տոլարի: Այս շրջանին Ռուսաստան օրական կ՚ապահովէ շուրջ 760 միլիոն տոլարի եկամուտ, ինչ որ մրցանիշային մակարդակ է Ուքրաինայի պատերազմի առաջին շաբաթներէն ի վեր: Գիներու բարձրացումէն բացի, աճած են նաեւ դէպի Ասիա՝ յատկապէս Հնդկաստան եւ Չինաստան արտածման ծաւալները։
Թէեւ Արեւմուտքի պատիժներն ու գիներու սահմանափակումները ժամանակ առ ժամանակ կրճատած էին ռուսական եկամուտները (յատկապէս 2026-ի սկիզբը), սակայն Մերձաւոր Արեւելքի ռազմական գործողութիւնները անսպասելի «տնտեսական երկնապարգեւ» դարձած են Քրեմլինի համար՝ ընձեռելով լրացուցիչ կարելիութիւններ՝ գանձատրելու Ուքրաինայի դէմ մղուող պատերազմը։ Փորձագէտները, սակայն, կը զգուշացնեն, որ այս կացութիւնը խիստ անկայուն է. օրինակ՝ անցեալ տարուան Մարտի համեմատութեամբ, քարիւղի եւ կազի հարկային եկամուտները ժամանակ մը նուազած էին գրեթէ կէս չափով, նախքան կրկին վերելք արձանագրելը։
