Հունգարիոյ ընտրութիւններ — Օրպանի պարտութիւնը

Հունգարիա-Մատիար

Հունգարիոյ նորընտիր վարչապետ Փիթըր Մատիար

Հակառակ ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսի անմիջական զօրակցութեան, որ անձամբ գացած էր Հունգարիա ու «Ամերիկա-հունգարական բարեկամութեան օրեր» պատրուակին տակ՝ մասնակցած էր Վիքթոր Օրպանի ընտրարշաւին ու անհեթեթաբար ալ քննադատած արտաքին միջամտութիւնները՝ Հունգարիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ծանր պարտութիւն կրած է ռուսամէտ վարչապետ Օրպան, որ յաճախ ալ քննադատուած է իր մենատիրական կեցուածքին պատճառով։ 1998-2002 թուականներուն կառավարութիւնը գլխաւորելէ ետք, ան 2010-ին կրկին ստանձնած էր վարչապետի պաշտօնը, զոր կը պահպանէր մինչեւ օրս։ Օրպան իր տեղը կը զիջի երբեմնի կուսակից Փիթըր Մատիարին։

Ի դէպ, Օրպանի պարտութիւնը «չէ զարմացուցած» Վենսը, որ «Fox News»-ի հետ զրոյցին յայտարարած է. “Կիրակի օրուան ընտրութիւններուն Վիքթոր Օրպանի պարտութիւնը այնքան ալ զարմանալի չէր։ Ի վիճակի ենք վերլուծելու հարցախոյզներու արդիւնքները։ Մենք կը գիտակցէինք, որ Օրպանի պարտութեան հաւանականութիւնը շատ մեծ է։ Միւս կողմէն, սակայն, ան եւրոպացի այն եզակի առաջնորդներէն էր, որ պրիւսէլեան պիւրոքրաթներուն ընդդիմանալու կամք կը ցուցաբերէր”։

Նոր դարաշրջան Հունգարիոյ եւ Եւրոպայի համար 

Այս ընտրութիւններով Հունգարիոյ մէջ կը բացուի նոր էջ մը, որ ըստ ակնկալութիւններուն, պիտի փոխէ ոչ միայն իշխանութեան քաղաքական ուժը, այլեւ երկրի զարգացման ուղղութիւնն ու յարաբերութիւնները՝ Եւրոպական Միութեան, Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ: Մատիարի գլխաւորած «Թիսզա» կուսակցութիւնը տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրած է՝ ապահովելով սահմանադրական մեծամասնութիւն եւ կառավարման լայն լիազօրութիւններ:

45-ամեայ պահպանողական նոր առաջնորդը քուէարկութեան արդիւնքներու հրապարակումէն անմիջապէս ետք շնորհակալութիւն յայտնած է իր 9,5 միլիոն հայրենակիցներուն վստահութեան համար, կոչ ընելով Օրպանի օրով պաշտօնավարած նախագահին, բարձրագոյն դատաւորներուն եւ գլխաւոր դատախազին՝ հրաժարական տալու: Ան խոստացած է փոփոխութիւններ բերել Եւրոպական Միութեան ամէնէն մենատիրականը համարուող երկրին մէջ՝ շեշտելով. “Այսուհետեւ սա պիտի ըլլայ երկիր մը, ուր բոլորը պէտք է պատասխան տան իրենց արարքներուն համար. անոնք որոնք դաւաճանած ու թալանած են, պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին”:

Օրպանի արձագանգն ու եւրոպական ոգեւորութիւնը 

Թրամփի MAGA շարժումին, եւրոպացի աջակողմեան ամբոխավարներուն եւ Վլատիմիր Փութինի սերտ դաշնակից նկատուող Օրպանը անմիջապէս ընդունած է իր պարտութիւնը: Հակառակ ասոր, ան յայտարարած է, թէ նպատակ չունի դադրեցնելու պայքարը՝ ընդգծելով, որ իրենք «երբե՛ք պիտի չյանձնուին»:

Եւրոպական ճակատէն, նախ եւ առաջ ալ՝ Քիեւէն, ողջունած են Օրպանի հեռացումը, քանի որ ան բազմիցս կասկածի տակ դրած էր եւրոպական ընտանիքի միասնականութիւնը եւ խոչընդոտած՝ Ուքրաինայի յատկացուող օգնութիւնն ու Ռուսաստանի դէմ նոր պատիժները: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն յայտարարած է, թէ «Հունգարիան ընտրեց Եւրոպան»՝ աւելցնելով, որ երկիրը վերագտաւ իր եւրոպական ուղին: Ֆրանսայի նախագահն ու Գերմանիոյ վարչապետը նոյնպէս ողջունած են այս արդիւնքը՝ նշելով, որ այսուհետեւ Եւրոպայի մէջ որոշումներու կայացումը շատ աւելի պիտի դիւրանայ, քանի որ կը վերանայ Օրպանի մշտական վեթոյի խոչընդոտը:

Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի վրայ ունեցած ազդեցութիւնը

Յիշեցնենք, որ Վիքթոր Օրպան իր պաշտօնավարման ընթացքին ուշադրութիւն գրաւած էր Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ հայանպաստ չեղող շարք մը աղմկայարոյց որոշումներով: Ճիշդ անոր օրով էր, որ Պուտափեշտը Պաքուին յանձնեց հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան համար ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարովը, որ հետագային Ազերպայճանի մէջ ազատ արձակուեցաւ ու հերոսացուեցաւ: Վերջերս ալ, Հունգարիան կը խոչընդոտէր «Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամ»-էն Հայաստանին տրամադրուելիք ռազմական աջակցութիւնը։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շնորհաւորանքը 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է Հունգարիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած ընդդիմադիր Փիթըր Մատիարը:

«Ջերմ շնորհաւորանքներս կը յղեմ Փիթըր Մատիարին եւ հունգար ժողովուրդին՝ ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին առիթով։ Այս ժողովրդավարական ընտրութիւնները կը ցոլացնեն հունգար ժողովուրդին կամքը եւ երկրի ապագայի տեսլականը»,– X-ի իր էջով գրած է վարչապետ Փաշինեանը:

Քրեմլինի արձագանգը. «Աւելի գէշ չի կրնար ըլլալ» 

Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Քրեմլինը պիտի չշնորհաւորէ Փիթըր Մատիարը ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին առիթով։ Ան բացատրած է, որ Հունգարիան կը նկատուի «ոչ-բարեկամ պետութիւն», քանի որ ան կը սատարէ Ռուսաստանի դէմ հաստատուած պատիժներուն:

Ըստ Փեսքովի՝ ընտրութիւններէն ետք Ռուսաստանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները չեն կրնար աւելի վատթարանալ, քանի որ անոնք արդէն իսկ կը գտնուին այնպիսի վիճակի մը մէջ, որմէ աւելի գէշը պարզապէս կարելի չէ։