Ալէն Սիմոնեան Պոլիս կը մեկնի

Ալէն

Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ Ապրիլ 16-19 պիտի մեկնի Պոլիս՝ մասնակցելու համար Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ վեհաժողովին: “Այս պահու դրութեամբ նախատեսուած հանդիպում կայ Ազերպայճանի եւ Վրաստանի գործընկերներուն հետ”,– ըսած է ան: