Վահան Կոստանեան կը մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին
Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխնախագահ եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան լրագրողներուն յայտնած է, որ այս տարի պիտի չմասնակցի Ապրիլ 17-19 կայանալիք Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին։ Համաժողովի պաշտօնական կայքէջին համաձայն՝ այս տարի Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Անթալիոյ համաժողովին մասնակցած էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Վահան Կոստանեան եւ Ռուբէն Ռուբինեան: Այդ ծիրէն ներս Ռուբինեան հանդիպում ունեցած էր Թուրքիոյ յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչի հետ։ Անդրադառնալով կարգաւորման գործընթացին՝ Ռուբինեան նշած է. “Շարք մը քայլեր արդէն իսկ առնուած են: Ամենակարեւոր համաձայնութիւնը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անձնագիր կրողներուն համար սահմանի բացումն է, որուն ուղղութեամբ մենք մեր ընելիքը ըրած ենք, մասնաւորապէս՝ անցակէտի վերականգնումը: Լաւ լուրն այն է, որ թրքական կողմն ալ այս տարի սկսաւ վերականգնման աշխատանքներ տանելու: Մենք կը սպասենք համաձայնութեան գործադրութեան. այս առումով գնդակը մեր կողմը չէ”: Նշենք, որ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նախապէս յայտարարած էր, որ հայ-թրքական եւ հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները փոխկապակցուած են։
