ԻՐԱՆ — ԱՄՆ-ու հետ բանակցութիւններու նոր փուլի հեռանկարներ

Թրամփ-Իրան

… եւ Հորմուզի նեղուցի ճգնաժամը

Ներկայիս, Փաքիստանի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած եւ գործող երկշաբաթեայ հրադադարի պայմանաժամի աւարտին ընդառաջ, կը քննարկուի բանակցութիւններու երկրորդ փուլ մը կազմակերպելու կարելիութիւնը: AP եւ AFP գործակալութիւններուն համաձայն՝ հանդիպման վայրը դեռ յստակ չէ. կը շրջի Իսլամապատի ու Ժընեւի անունը, իսկ հանդիպումը կրնայ կայանալ Ապրիլ 16-ին իսկ։ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ նոյնպէս վերահաստատած է, որ հակամարտութեան լուծման ջանքերը ընթացքի մէջ են։

ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, իր կարգին յայտնած է, որ Իրան կապ հաստատած է եւ կ՚ուզէ համաձայնագիր կնքել, սակայն զգուշացուցած է, որ բնաւ պիտի չարտօնէ համաձայնութիւն մը, որ Թեհրանին հիւլէական զէնք ունենալու առիթ կու տայ։

ԱՄՆ-ու եւ Իրանի միջեւ Փաքիստանի մէջ սկսած բանակցութիւնները Կիրակի օր աւարտած էին առանց վերջնական համաձայնութեան: Հակառակ ասոր, ԱՄՆ-ու պատուիրակութիւնը գլխաւորող փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ «մեծ յառաջընթաց արձանագրած է»՝ Թեհրանին յստակացնելով այն կէտերը, ուր Ուաշինկթըն կրնայ «զիջումներ ընել» եւ այն հարցերը, ուր պիտի մնայ «անզիջող»:

Զուգահեռաբար, Թրամփի մէկ այլ ծրագիրը՝ ուղղուած Հորմուզի նեղուցի ծովային երթեւեկութեան ամբողջական շրջափակման, լարում յառաջացուցած է ՕԹԱՆ-ի ներսը։ Թրամփ Truth ընկերային իր հարթակով յայտարարած էր, որ «շրջափակումը շուտով կը սկսի»՝ ակնկալելով դաշնակիցներու աջակցութիւնը։ Թէեւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ եւրոպական կառավարութիւններուն յորդորած է անվտանգութեան ապահովման դեր ստանձնել նեղուցին մէջ, սակայն Ֆրանսան եւ Մեծն Բրիտանիան պաշտօնապէս մերժած են միանալ այս ռազմական գործողութեան։ Միւս եւրոպական երկիրներն ալ յայտնած են, որ կ՚աջակցին միայն այն պարագային, երբ ռազմական գործողութիւնները դադրին եւ Իրանի հետ յստակ համաձայնութիւն ձեռք բերուի՝ իրենց նաւերուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար։