Արարատ Միրզոյեան Պրիւսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Քայա Քալլասի հետ

Միրզոյեան

Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւսէլ գտնուող Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ապրիլ 14-ին հանդիպում ունեցած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձրագոյն ներկայացուցիչ Քայա Քալլասի հետ։

Միրզոյեան եւ Քալլաս քննարկած են Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգի կեանքի կոչման հարցերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են Մայիսին Երեւանի մէջ կայանալիք Հայաստան-ԵՄ վեհաժողովի բովանդակային նախապատրաստման աշխատանքներուն։

Կողմերը քննարկած են նաեւ ժողովրդավարական դիմադրականութեան շարունակական ամրապնդման ուղղուած նախաձեռնութիւնները, որոնք Հայաստան-ԵՄ արժեհամակարգային գործընկերութեան եւ ռազմավարական օրակարգի կարեւոր մէկ մասը կը կազմեն։ Ըստ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է ժողովրդավարական գործընթացներուն աջակցելու նպատակով առկայ յստակ գործիքակազմերու շարունակականութեան եւ արդիւնաւէտութեան ապահովման շուրջ։

Անոնք ընդգծած են տնտեսական ու հաղորդակցային (փոխադրամիջոցային) կապերու, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ փոխադարձ շահաւէտ ծրագրերու իրագործման կարեւորութիւնը։

Նշենք, որ Մայիս 4-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովը։ Իսկ Մայիս 4-5-ին պիտի կայանայ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն անդրանիկ վեհաժողովը, ուր Հայաստանը պիտի ներկայացնէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, իսկ Եւրոպական Միութիւնը՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթան` Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնի հետ միասին։