Խորհրդաժողով մը՝ Փարիզ, խորհրդաժողով մը՝ Լոս Անճըլըս
Երկու հակոտնեայ խորհրդաժողովներ՝ երկուքն ալ Հ.Յ.Դ.-ի կողմէ կազմակերպուած. առաջինը՝ Լոս Անճըլըսի մէջ (Մարտ 13-15), երկրորդը՝ Փարիզի մէջ (Ապրիլ 11-12)։ Երկուքն ալ միտուած էին Սփիւռքը զօրաշարժի ենթարկելու, սակայն կը հետապնդէին տարբեր նպատակներ եւ կ՚առաջնորդուէին իրարմէ 180 աստիճանով տարբերող ուղղութիւններով։ Թէեւ հակոտնեայ, սակայն երկու խորհրդաժողովներն ալ փակ էին հանրութեան դիմաց, իսկ Փարիզի պարագային՝ նոյնիսկ անկախ մամուլին վստահութիւն չէր ընծայուած։
Լոս Անճըլըսի հաւաքին նպատակը կազմակերպիչներուն կողմէ յստակօրէն մատնանշուած էր մեկնարկի հաղորդագրութեան մէջ. «Մարտ ամսուան կիսուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) Լոս Անճըլըսի մէջ պիտի գումարէ սփիւռքեան օրակարգով խորհրդաժողով մը։ Անիկա ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի շարքերուն համար կազմակերպուած ներքին, աշխատանքային խորհրդաժողով մըն է՝ Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը եւ անոր ապագայ ուղղութիւնը խորքային մօտեցումով քննելու համար։ Համապատասխան մասնագէտներ եւ փորձառու համայնքային գործիչներ եւս պիտի հրաւիրուին՝ քննարկումներուն խորքը եւ բովանդակութիւնը հարստացնելու նպատակով»։ Արդարեւ, շարքային կուսակիցներուն ուղղուած «ներքին, աշխատանքային խորհրդաժողով» մը գումարելու այս միտումը հասկնալի, յարգելի եւ գնահատելի է։
Իսկ Փարիզի խորհրդաժողովի խօսոյթը հաւատարիմ մնաց հայաստանեան ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի քաղաքական ձեւակերպումներուն՝ նպատակ ունենալով Հայաստանի մէջ հնչած քաղաքական յանկերգը կրկնել Սփիւռքի մէջ։ Ան կը հետապնդէր Սփիւռքն ալ հայաստանեան ընտրական շուրջպարին մէջ ներգրաւելու նպատակ, ինչ որ յստակօրէն կ՚երեւի այս առթիւ տարածուած հաղորդագրութենէն. «2018-էն ասդին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ հայկական շահերէ հրաժարումը՝ Ցեղասպանութեան եւ Արցախի թղթածրարներէն ետ կանգնիլը (որուն արդիւնքը եղաւ Արցախի բռնի հայաթափումը), հայկական ինքնութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքները եւ ազգային հաստատութիւններու դէմ կատարուող յարձակումները աննախընթաց օրհասական իրադրութիւն ստեղծած են ամբողջ հայկական աշխարհին համար»։ Խօսքը նոյնն է, ջուրը նոյն ակէն կը հոսի՝ առաջնորդուելով «հայկական ինքնութեան եւ ազգային հաստատութիւններու դէմ ուղղուած յարձակումներ» լոզունգներով։ Սակայն Սփիւռքը մէկ չէ. կան սփիւռքնե՛ր, կան տարբեր ինքնութիւններ, նոյնպէս ալ երկրէ- երկիր՝ տարբեր ազգային հաստատութիւններ։ Թուրքիոյ, Լիբանանի թէ Ֆրանսայի հաստատութիւնները նոյնը չե՛ն։ Դեռ չխօսինք երեսուն տարուան այն հայաստանակեդրոն ռազմավարութեան մասին, որ բոլորովին լուսանցքի վրայ ձգած է Սփիւռքը։ Մէկ խօսքով, «Սփիւռքի զօրակոչ»-ի անուան տակ վերստին կը հրամցուի հայաստանեան այն նոյն քաղաքական քարոզչութիւնը, որ քոչարեանական իշխանութեան տարիներէն ի վեր կը տիրէ երկրին մէջ։
Անկախութենէն ի վեր ֆրանսահայութիւնը ժողովրդագրական աճ արձանագրեց, սակայն անոր հաստատութիւնները թիւով մնացին գրեթէ նոյնը, իսկ որակով՝ բարելաւում չարձանագրեցին։ Տարիներ շարունակ Սփիւռքի մարդկային եւ նիւթական կարողութիւնները ուղղուած էին դէպի Հայաստան։ Այսօր թէեւ ողջունելի է Սփիւռքի մէջ նման խորհրդաժողովի մը կայացումը, սակայն յստակ է, որ Փարիզի հաւաքի կազմակերպիչներուն բուն նպատակը ոչ թէ Սփիւռքի հզօրացումն է, այլեւ՝ Հայաստանի մէջ Փաշինեանի կառավարութեան տապալումը։
Փարիզի խորհրդաժողովի հաղորդագրութիւնը հետեւեալ կերպ կը բանաձեւէ իրադրութիւնը. «Կայանալիք խորհրդաժողովին նպատակն է հաւաքաբար քննարկել իրավիճակը, զօրաշարժի ենթարկել Սփիւռքը, որպէսզի կարելի ըլլայ ձեւաւորել միասնական ու նպատակաուղղուած կեցուածք՝ ի պաշտպանութիւն եւ հզօրացում Հայաստանի պետութեան, հայկական սփիւռքին եւ առհասարակ հայկական շահերուն եւ Հայ Դատին»։ Ընդհանուր գիծերու մէջ այս բանաձեւումը կը մնայ հինի վերարտադրութիւնը՝ առանց որեւէ հարց խնդրոյ առարկայ դարձնելու, առանց դոյզն իսկ ինքնաքննադատութեան կամ իրավիճակի իրական վերլուծման։ Աշխարհաքաղաքական պայմանները փոխուած են. Միջին Արեւելքը քարուքանդ վիճակի մէջ է, ամէնուրեք կրակ ու պայթում է, տեղւոյն հայութիւնը ծանր տագնապ կ՚ապրի, սակայն լիովին անտեսելով այս ողբերգական իրադրութիւնը՝ կը պահանջուի Սփիւռքի զօրակցութիւնը՝ հայաստանեան յառաջիկայ ընտրութիւններուն յաջողելու համար, առանց ակնարկ մ՚իսկ նետելու Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու կենսական կարիքներուն վրայ։
Ժ.Չ. ■
