Հանդիպման հրաւէր, ուղղուած՝ Ալֆորվիլի Մարիամ Արապեան վարժարանի նուիրատուներուն

af25cd44-9505-4297-9f72-3e13e54bb4d3

Շաբաթ, Ապրիլ 11-ին, Ալֆորվիլի Մարիամ Արապեան վարժարանը լեցուն էր նուիրատուներուն նուիրուած հանդիպման առիթով։ Ֆրանսայի մէջ Հայ մշակոյթի տարածման միութեան (APCAF) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը նպատակ ունէր շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերած էին ծրագրի իրականացման։

Հանդիպումը անթերի կերպով վարեց Սահակ Սուքիասեան, որ յաջողեցաւ ստեղծել ջերմ մթնոլորտ մը։ Առաջինը խօսք առաւ APCAF-ի նախագահ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեան որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը APCAF-ի գլխաւոր բարերար Գէորգ Արապեանի, որուն աջակցութիւնը վճռորոշ եղած է Ալֆորվիլի եւ Վալանսի հայկական կրթական հաստատութիւններու կառուցման մէջ։ Նաեւ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ APCAF-ի նուիրեալ անդամներ Գրիգոր Փափազեանին, տոքթ. Սերժ Սիմոնեանին եւ Կարպիս Ջրբաշեանին, որոնք էական դեր ունեցած են մանկապարտէզի կառուցման մէջ։

Նորվան սրբազան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Անիէս Մինասին եւ ամբողջ ուսուցչական կազմին՝ շեշտելով անոնց նուիրուածութիւնը, առանց որուն վարժարանի բացումը կարելի չէր ըլլար։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն՝ յիշեցնելով, թէ համայնքի միասնական յանձնառութիւնը կենսական է վարժարանի յարատեւման եւ զարգացման համար։

APCAF-ի քարտուղար Արա Տէյիրմենճեան ներկայացուց վարժարանին կառուցման փուլերը՝ անդրադառնալով բազմաթիւ դժուարութիւններուն՝ Covid-19 համաճարակին,– որ դանդաղեցուց շինարարութիւնը,– Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամին,– որ սահմանափակեց Գէորգ Արապեանի կողմէ լրացուցիչ դրամական օժանդակութիւնը,– ինչպէս նաեւ Արցախի պատերազմին, որ մեծապէս իր վրայ կեդրոնացուց համայնքին ուշադրութիւնը։ Ան նաեւ նշեց տեղական դժուարութիւնները, որոնք պատճառ դարձան ծրագրին իրագործման ուշացումին։ Հակառակ այս բոլորին, APCAF-ը յաջողեցաւ աւարտին հասցնել շինարարութիւնը եւ վարժարանը տրամադրել Ալֆորվիլի եւ շրջակայքի հայկական համայնքին։

Իր հերթին խօսք առնելով՝ տնօրէնուհի Անիէս Մինաս ընդգծեց վարժարանի արագ յաջողութիւնը, ուր այսօր կը յաճախեն աւելի քան 60 աշակերտներ՝ բաժնուած չորս դասարաններու մէջ։ Ան բարձր գնահատեց ուսուցչական կազմի նուիրուածութիւնը եւ մատնանշեց հաստատութեան պատշաճ գործունէութեան եւ հետագայ զարգացման համար անհրաժեշտ կարիքները։

Վերջապէս, APCAF-ի գանձապահ Միշէլ Պասմաճեան յիշեցուց, որ վարժարանի կառուցումը կարելի եղած է APCAF-ի կողմէ դրամատունէ փոխառութեան մը շնորհիւ, որ կը պահանջէ տարեկան մօտ 100.000 եւրոյի վճարում մը մինչեւ 2031 թուականը։ Ան նաեւ նշեց, որ APCAF-ը նոյն չափով կը նպաստէ վարժարանի գործունէութեան ծախսերուն, առանց որուն անոր բացումը կարելի չէր ըլլար։ Այս պայմաններուն մէջ ան շեշտեց համայնքի աջակցութեան կարեւորութիւնը այս վճռորոշ շրջանին, քանի որ վարժարանը տակաւին չափազանց նոր է օգտուելու համար պետական նպաստներէ։ Ան նշեց, որ վերջին ջանք մը անհրաժեշտ է այս փուլը յաղթահարելու համար, որմէ ետք նպաստները պիտի թեթեւցնեն համայնքին բեռը, երբ հաստատութիւնը հասնի իր բնականոն գործունէութեան։

Այս ելոյթները խթանեցին ներկաներուն յանձնառութիւնը եւ երեկոն աւարտեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ՝ հիւրասիրութեամբ։

Ստորեւ Նորվան Սրբազանին խօսքը՝ ամբողջութեամբ։

ՍՏԵՓԱՆ   ՖՈՎ

Սիրելի բարերարուհիներ եւ բարերարներ,

Շնորհակալութիւն որ ընդառաջեցիք մեր հրաւէրին,

Բարի եկաք,

Կարելի՞ է խնդրել, որ մէկ վայրկեանի լռութեամբ, յարգենք յիշատակը դպրոցաշէն բարերարին՝ պարոն Գէորգ Արապեանին, ինչպէս նաեւ Կարպիս Ջրբաշեանին, տոքթ. Սերժ Սիմոնեանին եւ Գրիգոր Փափազեանին, որոնք այս դպրոցի կառուցման իրագործման մէջ , մեծ ներդրում ունեցան, ո՛չ միայն բարոյապէս, այլ նոյնքան՝ նիւթապէս։ Ափսո՜ս… Մեկնեցան այս աշխարհէն կառոյցին աւարտը չտեսած։

Պէտք է ըսել, որ Մարիամ Արապեան Մանկապարտէզի շէնքին կառուցումը այնքան դիւրին չեղաւ, որքան որ դիւրին եղաւ Գէորգ Արապեան Գոլէժի կառուցումը։ Դժուարութիւններ ունեցանք։ Առաջինը մատակարար մարմինին՝ (ԱԱԺ)‐ին պատճառով։ Այս մարմինի վարչական նախկին կազմը փոխուեցաւ։ Նախկինները ԱՓՔԱՖ‐ի հետ մէկ մարմին եղած էին։ Ձեռք-ձեռքի տուած տարին աշխատանքները։ Մինչդեռ այսօրուանները՝ զբաղեցան առաւելաբար ԱՓՔԱՖ‐ը հալածելով, հաւանաբար մաղթելով նաեւ գործին ձախողութիւնը։

Երկրորդ դժուարութիւնը այն եղաւ, որ կառուցման ժամանակ պատահեցան Covid-ի համաճարակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան, ղարաբաղեան խնդիրները, որոնք խոչընդոտեցին հանգանակութեան աշխատանքները, այս պատճառներով չստորագրուած առեւտրական համաձայնագրերը գիներու զգալի փոփոխութիւն կրեցին, ի վնաս մեր միութեան։

Շէնքը 2023‐ին, գրեթէ հասած էր մատակարար մարմինին՝ (ԱԱԺ)‐ին յանձնելու վիճակին, բայց երկու միութիւններու միջեւ անհամաձայնութիւնները պատճառ դարձան, որ շէնքին յանձնումը առկախուի։ Մինչ այդ տարիները կը թաւալէին, մանկապարտէզի աշակերտներու համբերութիւնը կը հատնէր, կ՛ուզէին տեղաւորուիլ նոր շէնք. այս կացութեան մէջ ծնունդ առաւ Մատակարար նոր մարմին մը (ԱԺԷՖԱԱ) անունով, եւ յանձնուեցաւ շէնքը այդ միութեան։ Իսկ այս միութիւնը “էթապլիսըման սքոլէր” ունենալու համար, տնօրէնուհիի պէտք ունէր… Եթէ տնօրէնուհի տիկին Անիէս Մինասը չյօժարէր ընդունիլ տնօրէնութեան պաշտօնը, ԱԺԷՖԱԱ‐ն մանկապարտէզ չէր ունենար այսօր։ Հազար շնորհակալութիւն տիկին Անիէսին, որու բարեացակամութեան շնորհիւ Աքատէմիէն կարելի եղաւ ձեռք բերել արտօնութիւնը։

Ալֆորվիլի հայերը քաջ թող գիտնան, որ տիկին Անիէս Մինասի ներկայութիւնը, անցեալին Գէորգ Արապեան գոլէժէն ներս, այսօր ալ մանկապարտէզէն՝ աստուածային պարգեւ մը եղաւ։ Ոմանք թերեւս չափազանցուած գտնեն եթէ ըսեմ որ, տիկին Անիէսը պահապան հրեշտակ մը եղաւ Ալֆորվիլի կրթական համալիրին։ Աստուած համբերութիւն տայ իրեն, քաջառողջութիւն եւ երկար կեանք։

Իսկ մանկապարտէզը չէինք ունենար նոյնպէս, եթէ  այն 4 ուսուցչուհիները եւ 4 օգնականուհիները չյօժարէին նոր շէնք փոխադրուիլ իրենց աշակերտներով։ Շնորհակալութիւն ձեզի տիկիններ՝ Սօսի Պալատեան, Սիրան Սվաճեան, Անի Գալտիլի, Նայիրա Աւետիքեան, Նայիրի Պալեան, Մարինէ Նիկողոսեան, Լուսին Յակոբեան,  Ֆապիէնն Կալուլա, առաւել՝ Ալիս Հաննաշեան եւ Անիթա Տիրասօղլու, որ քաջութիւնը ունեցաք որոշում կայացնելու անորոշութեան մէջ, ցոյց տալով ձեր ողջմտութիւնը հայ դաստիարակութեան առաքելութեան մէջ։

ԱՓՔԱՖ-ը բախտը ունեցաւ որպէս ճարտարապետներ ունենալու պարոն Պերճ Յակոբեանին եւ տիկին  Միրիամ Յակոբեանին պէս կարկառուն մասնագէտներ։ Ինչպէս առաջին շէնքի, նոյնպէս ալ այս շէնքի պարագային, իրենց հոգի՛ն դրին։ Նայեցէք մանկապարտէզի սա շէնքի ճակատը. տափակ ճակատ մը չէ, ալիքաւորուած է աքորտէոնի մը պէս, շարժումի մէջ է, կարծէք մանկապարտէզի աշակերտները կը քալեն. արդեօք որովհետեւ իրենց առաջին քայլե՞րը կը նետեն հայերէն լեզուի անդաստանին մէջ։

Այս շէնքը բաղդատմամբ առաջինին, իգական գեղեցկութիւն մը ունի, մայրական գուրգուրոտ արտայատութեամբ։ Պատահականութեան նայեցէք, բարերարն ալ կամեցաւ որ մօրը անունով կոչուի դպրոցը՝ «Մարիամ Արապեան», ճարտարապետուհին ալ կը կոչուի Միրիամ, որ Մարիամին աղաւաղուած մէկ ձեւն է։

Թող Մարիամ Աստուածածինը պաշտպան Սրբուհին դառնայ այս մանկապարտէզին։ Օգնէ Ան, որ շէնքէն անդին, հայկականութեամբ կերտուին մտքերն ու հոգիները այն հայորդիներուն, որոնք պիտի անցնին այս մանկապարտէզին երդիքի տակէն։

Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ունիմ ԱՓՔԱՖ-ի գործակիցներուս։ Առանց իրենց նուիրեալ աշխատանքին կարելի չէր հասնիլ յաջողութեան։ Գիտէք, ծառայութեան տեսակներուն մէջ կան անոնք, որոնք ազգին կ՚օգնեն, եւ ուրիշներ, որոնք ազգէն կ՚օգտուին, իրենք զիրենք կը փառաւորեն ազգին փառքը շահագործելով։ Փառք Աստուծոյ, ԱՓՔԱՖ-ի գործակիցներս, բոլորն ալ կ՚աշխատին ա՛լ աւելի պայծառացնելու համար դպրոցին փառքն ու պատիւը։ Համեստութիւնը վիրաւորած չըլլամ պարոն Արա Տէյիրմէնճեանին, մեր քարտուղրին, որ այս ուղղութեամբ անվերջ ներդրումի մէջ է պայծառացնելու ո՛չ թէ իր անձին, ո՛չ թէ ԱՓՔԱՖ-ին, այլ՝ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ փառքը։

Շնորհակալ եմ ձեզի հաւասարապէս իմ սիրելի գործակիցներս. Ներեցէ՛ք, որ չյիշեմ ամէն մէկուդ անունը, որ մտահոգուած էք հայ դպրոցի պայծառ գոյութեան փառքով եւ ունիք տեսիլքը պայծառ ապագայի։

Շնորհակալութեան մեր խօսքը կ՚ուղղենք նաեւ Փարիզի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութեան ծուխի այն անդամներուն, որոնք քուէարկեցին արտօնելով ԱՓՔԱՖ-ին, որ Ալֆորվիլի իրենց այս հողաշերտին վրայ բարձրանայ կոթողային այս կառոյցը, իրաւասութիւն տալով իրենց նախագահին՝ պարոն Մանուկ Քիւրտօղլեանին, որ ստորագրէ հողաշերտը վարձու տալու արտօնագիրը։

Վերջապէս, շնորհակալութի՛ւն ձեզի թանկագին բարերարներ, որ հաւատք ունիք հայ դպրոցին, հայ լեզուի վերակենդանացման հանդէպ։ Ծրագրի յաջողութեան արմատը դո՛ւք էք։ Ծառ մը չի՛ կանանչնար, չ՚աճիր, չի պտղաբերիր, եթէ արմատ չ՚ունենայ։ Արմա՛տը եղաք լեզուի կենաց ծառին, այլապէս այս ծրագիրը թուղթի վրայ լոկ գծագրութիւն պիտի մնար։ Պէթոնով խորանարդաւորուեցաւ, իրականութիւն դարձաւ։

Շա՜տ ապրիք…

Փա՜ռք Աստուծոյ,

Փա՜ռք Հայ լեզուին

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Հայ Լեզուի հաւատաւոր բարերարներ

2026 Ապրիլ 11