Հայաստան՝ ընդառաջ Արհեստական բանականութեան լաւագոյն հնգեակին

ԱԲ 23.11.22

Հայաստանը շուտով պիտի դառնայ այն սակաւաթիւ երկիրներէն մէկը, որոնք աշխարհը կ՚առաջնորդեն Արհեստական բանականութեան (ԱԲ — AI) յաջորդ դարաշրջան։

NVIDIA եւ Firebird AI ընկերութիւններու կատարած հսկայական ներդրումներուն շնորհիւ՝ NVIDIA-ի փոխնախագահ Ռեւ Լիպարիտեան «AI Conf Armenia 2026»-ի ընթացքին յայտնած է, որ «Հայաստան պիտի ընդգրկուի աշխարհի լաւագոյն հնգեակին մէջ՝ GPU-ներու (Graphics Processing Unit / գծագրական մշակման միաւորներ) քանակով, ինչ որ աւելին է, քան եւրոպական որեւէ մեծ երկրի մէջ գոյութիւն ունեցողը»։

Ան շարունակած է նկարագրել, թէ սա որքա՛ն կարեւոր է Հայաստանի համար, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք գործածել մեր ուղեղները՝ համաշխարհային առաջատարներ դառնալու համար. «Մենք կրնանք օգտագործել այս առաւելութիւնը եւ օգտակար դառնալ աշխարհին։ Կրնանք գիտելիք արտածել, եւ սա կրնայ մեզ կարեւոր ու օգտակար դարձնել աշխարհի համար… Հայաստանի գոյատեւման եւ զարգացման միակ կարելիութիւնը մեր բնական պաշարի՝ մարդկային ուղեղի օգտագործումն է։ Մարդկային ուղեղը մեր ուժն է, մեր հնարաւորութիւնը։ Մենք կարեւոր ենք աշխարհի համար. մենք պարզապէս փոքր երկիր մը չենք, որ այլ երկիրներէն օգնութիւն եւ աջակցութիւն կը խնդրէ։ Մենք պէտք է զարգացնենք մեր ուղեղները՝ աշխարհի մէկ մասնիկը դառնալու համար»։

Ծրագիրը պիտի բաղկանայ երեք փուլէ, եւ իւրաքանչիւր փուլի հետ Հայաստան ներածուող ներդրումներու ծաւալն ու GPU-ներու քանակը կտրուկ պիտի աճին։

Որպէս առաջին քայլ՝ Յունիսին պիտի բացուի Հրազդանի Արհեստական բանականութեան կեդրոնը՝ 6.000 GPU-ներով։ Միայն այս մէկը արդէն պիտի հաւասարի Եւրոպայի ամէնէն մեծ GPU կեդրոնին։ Երկրորդ փուլը պիտի ընդգրկէ 50.000 GPU, իսկ երրորդ փուլը՝ աւելի քան 110.000 GPU, ինչ որ Հայաստանը պիտի դասէ աշխարհի լաւագոյն հնգեակին մէջ։

Սա հնարաւոր է, քանի որ Հայաստան տարածաշրջանին մէջ միակ երկիրն է, որ բացառիկ արտածման համաձայնագիր ունի Միացեալ Նահանգներու հետ։

Այս արհեստագիտութիւնը նաեւ մեծապէս պիտի օգնէ Հայաստանի քաղաքացիներուն։ Ապրիլ 18-ին, «Enterprise Armenia»-ն կնքած է GPU ծառայութիւններու 25 միլիոն տոլարի համաձայնագիր մը՝ Հայաստանի ներքին ԱԲ համակարգը հզօրացնելու նպատակով։ Ըստ համաձայնագրին՝ GPU-ներու մէկ մասը պիտի յատկացուի հայկական դպրոցներու, համալսարաններու եւ ընկերութիւններու։