Պաքուէն բողոք՝ Պելճիքայի եւ Նետերլանտներու դեսպաններուն

Ազերպայճանի ԱԳՆ

Պելճիքայի եւ Նետերլանտներու խորհրդարաններու հայանպաստ որոշումներէն ետք՝ Պաքու բողոք ներկայացուցած է այս երկիրներու դեսպաններուն

Ապրիլ 16-ին Պելճիքայի եւ Նետերլանտներու խորհրդարանները ընդունած են Հայաստանին աջակցող եւ հայ գերիներու ազատ արձակման վերաբերող բանաձեւեր: Մասնաւորապէս, Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է Հայաստանին զօրակցող եւ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը պաշտպանող բանաձեւեր։ Նոյն օրը, Նետերլանտներու Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է երեսփոխան Տոն Սետերի ներկայացուցած երկու առաջարկները՝ հայ գերիներու ազատ արձակման վերաբերեալ։

Այս որոշումներուն իբրեւ հետեւանք, Պելճիքայի եւ Նետերլանտներու դեսպանները կանչուած են Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն։

APA գործակալութեան համաձայն՝ հանդիպումներուն ընթացքին խիստ բողոք ներկայացուած է երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ ընդունուած փաստաթուղթերուն կապակցութեամբ, զորս Պաքուն կը գնահատէ որպէս «Ազերպայճանի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող խաղաղ գործընթացի խաթարման ուղղուած յաջորդական անպատասխանատու փորձ»։

Պաքուն փաստաթուղթերը անհիմն կը համարէ եւ կը պնդէ, թէ սա ցոյց կու տայ այդ կառոյցներուն մէջ Ազերպայճանի նկատմամբ խորապէս արմատաւորուած կողմնակալ վերաբերումը։

Ազերպայճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Հանդիպումներուն ընթացքին կտրականապէս եւ կոշտ կերպով մերժուած են բոլոր անհիմն մեղադրանքները, անոնց կարգին՝ Ազերպայճանի ինքնիշխան տարածքներուն վերաբերող կեղծ յղումները, Հայաստանի հողային ամբողջականութեան ենթադրեալ խախտման վերաբերեալ պնդումները, ինչպէս նաեւ հայկական ծագում ունեցող անձերու իրաւունքներուն եւ անոնց իբրեւ թէ ապօրինի կալանաւորման վերաբերեալ մեղադրանքները»։

Հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի նաեւ թէ դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնուած է այն հանգամանքը, որ այդ փաստաթուղթերուն ընդունումը յատկապէս տարօրինակ կը թուի, քանի որ անոնք ժամանակային առումով կը զուգադիպին Ազերպայճանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններու նախագահներուն վերջին հանդիպումին։

Նախարարութիւնը կոչ ուղղած է պելճիքական եւ նետերլանտական կողմերուն՝ գործնական միջոցներու ձեռնարկելու իրենց խորհրդարաններուն մէջ հակաազերպայճանական խումբերու գործողութիւնները կանխելու համար, որոնք կը վնասեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն։