Ալիեւ. «Ականատես կ՚ըլլանք խաղաղութեան պտուղներուն»

Ալիեւ

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ՄԱԿ-ի՝ Ասիոյ եւ Խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանի տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովի 82-րդ նստաշրջանին յայտարարած է, թէ Ազերպայճանը լիովին վերականգնած է իր գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը եւ սկսած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան օրակարգը։

Ան նշած է, թէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ պատմական յառաջընթաց արձանագրուած է անցեալ Օգոստոսին՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կազմակերպած ուաշինկթընեան վեհաժողովին ընթացքին։

“Այսօր մենք ականատես կ՚ըլլանք խաղաղութեան պտուղներուն։ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրային յարաբերութիւնները սկսած են։ Քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն վստահութեան կառուցման”,– յայտարարած է Ազերպայճանի նախագահը։

Ալիեւ նաեւ յայտնած է, որ Ազերպայճան «ազատագրուած տարածքներուն» մէջ կ՚իրականացնէ վերականգնման եզակի եւ լայնածաւալ ծրագիր մը՝ ընդգծելով, որ աւելի քան 80 հազար հոգի արդէն վերադարձած է հոն։

Միեւնոյն ժամանակ, ան աւելցուցած է, որ ականները կը շարունակեն մնալ մարդասիրական լուրջ խնդիր եւ զարգացման մեծ խոչընդոտ։ Ըստ անոր յայտարարութեան՝ 2020-ի պատերազմի աւարտէն ետք, աւելի քան 400 ազերպայճանցի քաղաքացիական անձ մահացած կամ վիրաւորուած է ականի պայթումի հետեւանքով։