Ալէն Սիմոնեան. «Թուրքիան դարձած է Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններու գերին»

Ալէն Սիմոնեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը, Պոլսոյ մէջ տեղւոյն հայկական լրասփիւռներուն հետ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, թէ Ազերպայճանը օգտագործելով իր լոպին ու ազդեցութիւնը, կը խոչընդոտէ հայ-թրքական սահմանին բացումը:

“Մէկ կողմէն Ազերպայճանը կը բանակցի մեզի հետ, միւս կողմէն՝ թոյլ չի տար, որ Թուրքիան բանակցի մեզի հետ։ Սա տարօրինակ իրավիճակ է։ Թուրքիան դարձած է այս յարաբերութիւններուն գերին”,– ըստ «Ակօս»-ին՝ նշած է Ալէն Սիմոնեան։

Ազգային ժողովի նախագահին համաձայն՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ ակնառու խնդիրներ չկան. “Հայաստան պատրաստ է բանալու սահմանը, բայց Թուրքիան նոր քայլի չի ձեռնարկեր”։

Այդ պարագային ի՞նչ բանի կը սպասէ Անգարան, թերեւս հայաստանեան խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներո՞ւն… Սիմոնեան նշած է, թէ ինք չի գիտեր. “Սկիզբը կ՚ըսէին, որ սահմանը պիտի չբացուի, մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը չլուծուի։ Ապա յայտարարեցին, թէ Ղարաբաղի խնդիրը լուծուած է։ Անկէ ետք մէջտեղ բերին հայ-ազերպայճանական խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Մենք բանակցեցանք, համաձայնութեան եկանք 17 կէտերու շուրջ, նախաստորագրեցինք զայն, ձեռք սեղմեցինք, բայց անկէ ետք ալ ոչինչ տեղի ունեցաւ”։

Նշենք, որ Ալէն Սիմոնեան Պոլիս մեկնած էր՝ մասնակցելու Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ վեհաժողովին, ուր հանդիպումներ ունեցած է իր թուրք, վրացի եւ ազերպայճանցի պաշտօնակիցներուն հետ։ Վեհաժողովի ծիրէն ներս Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը առաջարկած էր Հայաստանը ընդգրկել «Թուրքիա-Վրաստան-Ազերպայճան» ձեւաչափին մէջ։

Արդէն չորս տարի է, որ Երեւանն ու Անգարան հաշտութեան յաչորդական փորձի մը ձեռնարկած են, բայց կողմերուն գլխաւոր համաձայնութիւնը՝ նախ եւ առաջ առնուազն երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար սահմանի բացումը, տակաւին թուղթի վրայ կը մնայ։ Հայկական կողմը 2023-ին իսկ յայտնած էր, որ հայ-թրքական սահմանի Մարգարայի անցակէտը պատրաստ է շահագործման. այս տարուան սկիզբն ալ թրքական լրասփիւռները գրեցին, որ գրեթէ պատրաստ է նաեւ Ալիճանի անցակէտը։ Բայց եւ այնպէս, սահմանի բացման ուղղութեամբ դարձեալ որեւէ շօշափելի եւ գործնական քայլ չէ առնուած։