Կրօնական արարողութիւններ՝ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ

Տիգ-1

Ապրիլ 19-ին՝ Աշխարհամատրան Կիրակիի առթիւ, Տիարպաքըրի (Տիգրանակերտ) Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած են կրօնական արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետած է Արամ արք. Աթէշեան։ Օրուան Սուրբ պատարագը մատուցած է Սրբազան հօր ընկերակցող Նարեկ քհնյ Տէյիրմէնճեանը:

Արարողութեան ներկայ գտնուած են մեծ թիւով հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ, որոնք ժամանած են ոչ միայն Տիարպաքըրէն, այլեւ՝ Պոլիսէն եւ մերձակայ քաղաքներէն: Ներկայ եղած են նաեւ տեղական իշխանութիւններու՝ կուսակալութեան եւ քաղաքապետութեան ներկայացուցիչներ։ Տեղւոյն ծխական խորհուրդը, ատենապետութեամբ Էրկին Այըքի, ջերմօրէն հիւրընկալած է ժողովուրդն ու հոգացած է անոր կանոնաւոր պաշտամունքը:

Իր քարոզին մէջ Արամ Սրբազանը հաւատացեալներուն հաղորդած է Քրիստոսի յարութեան աւետիսը՝ պատգամելով խաղաղութիւն եւ անդորր համակեցութիւն։ Պատարագի աւարտին կատարուած է հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի Տէր ննջած համայն տիարպաքըրցիներու հոգիներուն համար, որմէ ետք տեղի ունեցած է տնօրհնէք եւ մտերմիկ զրոյց՝ տեղւոյն մնացեալ հայորդիներուն հետ։ Հոգեւորականաց դասը այնուհետեւ այցելած է քաղաքի գերեզմանատունը՝ կատարելով ընդհանուր հոգեհանգիստ:

Օրուան յիշարժան իրադարձութիւններէն եղած է նաեւ երեկոյեան եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տիարպաքըրցի հանգուցեալ յայտնի արձակագիր Մկրտիչ Մարկոսեանի յուշասենեակին պաշտօնական բացումը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է Արամ արքեպիսկոպոսը։ Նշենք նաեւ, որ նախորդող շաբաթ երեկոյեան, Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ եւ Տէր Նարեկի ձեռամբ, տեղի ունեցած է նաեւ մանուկի մը մկրտութեան խորհուրդը: