Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Հովանի մայր տաճարն ալ կործանած են
Մայր Աթոռը խստօրէն կը դատապարտէ
Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածամօր Հովանի մայր տաճարը ոչնչացուած է ազերպայճանական վարչակարգին կողմէ, յայտնած է Արցախի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւնը։
2000-2019 թուականներուն կառուցուած տաճարը քաղաքին գլխաւոր եկեղեցին էր՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կարեւոր կեդրոններէն մէկը, եւ կը խորհրդանշէր կրօնական կեանքի վերածնունդը՝ խորհրդային տասնամեակներու ճնշումներէն ետք։
Տաճարը կառուցուած էր այն վայրին մէջ, ուր նախապէս կը գտնուէր 19-րդ դարու վերջաւորութեան կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ խորհրդային տարիներուն ամբողջութեամբ աւերուած էր։ Այսպէսով՝ նոր մայր տաճարը վերականգնած էր այն հոգեւոր ներկայութիւնը, զոր խորհրդային իշխանութիւնները միտումնաւոր կերպով ջնջած էին քաղաքէն։
Տաճարը պարզապէս աղօթավայր չէր. ան կը մարմնաւորէր արցախահայութեան պատմական եւ մշակութային շարունակականութիւնը։ Շրջափակման ընթացքին ան նաեւ դարձած էր կարեւոր հաւաքատեղի մը՝ մնալով համայնքային եւ հոգեւոր կեանքի համար գործող սակաւաթիւ տարածքներէն մէկը։
Արցախի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւնը յայտարարած է, որ այս աւերումը հայկական մշակութային ներկայութիւնը վերացնելու նպատակային եւ համակարգուած քաղաքականութեան մաս կը կազմէ՝ զայն գնահատելով իբրեւ ինքնութեան, ժառանգութեան եւ պատմական շարունակականութեան կանխամտածուած բնաջնջում։
Միեւնոյն ժամանակ, խիստ քննադատութեան արժանացած է Հայաստանի իշխանութիւններուն անգործութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ շօշափելի արձագանգի բացակայութիւնը։ Գործակալութեան գնահատմամբ՝ այդ լռութիւնը կը խորացնէ անպատժելիութեան մթնոլորտը եւ լրջօրէն կը վնասէ տեղահանուած հայերու վերադարձի հեռանկարներուն՝ խզելով անոնց կապը հայրենիքին հետ։
Մայր Աթոռը կը դատապարտէ
Մայր Աթոռը խստօրէն դատապարտած է Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը։
Էջմիածինը հրապարակած յայտարարութեամբ շեշտած է, թէ Ազերպայճանի իշխանութիւնը կը շարունակէ թիրախաւորել հայկական քրիստոնէական սրբավայրերը՝ նպատակ ունենալով ջնջել հայկական հետքը Արցախէն։
Քանի մը օրէ ի վեր ահազանգ կը հնչէ, որ Ստեփանակերտի Մայր տաճարը աւերուած է։ Նախորդող օրերուն հրապարակուած էին արբանեակային լուսանկարներ, որոնք կը փաստեն, թէ Մարտ ամսուն եկեղեցին իր տեղն էր, իսկ հիմա արդէն գոյութիւն չունի։ Եկեղեցւոյ տեղը այժմ դատարկ տարածք է։
Մայր Աթոռը Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Հովանի մայր տաճարի անհետացումէն բացի, նշած է նաեւ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ եւ յարակից տարածքին մէջ գտնուող խաչքարերու ու կոթողներու ոչնչացման մասին։
Ըստ Էջմիածինի, պետական մակարդակով իրագործուող «այս վանդալականութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ Ազերպայճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած», իսկ Հայաստանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու մասին յայտարարութիւնները Եկեղեցին կասկածելի կը համարէ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ ուղղած է ՀՀ կառավարութեան ղեկավարին եւ իշխանութիւններուն՝ հրատապ ու գործուն քայլերու ձեռնարկելու՝ կանխելու համար Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան իւրացումն ու ոչնչացումը։
«Կոչ կ’ուղղենք նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ, տարածաշրջանին մէջ ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեամբ եւ փոխադարձ գործակցութեամբ շահագրգիռ բոլոր պետութիւններուն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն ազդու միջոցներու ձեռնարկելու՝ կասեցնելու մշակութային ոճիրները Արցախի տարածքին»,– նշուած է Մայր Աթոռի յայտարարութեան մէջ։
Ազերպայճանի խորհրդարանի երեսփոխան, իշխանութեան կուսակցութեան ներկայացուցիչ Էլնարա Ախիմովան նախապէս յայտնած էր, թէ իբրեւ թէ «Պաքուն երբեք չի քանդեր պատմական կամ մշակութային յուշարձաններ, կառավարութիւնը կը փորձէ պահպանել զանոնք»։ Ազերպայճանցի երեսփոխանը Ստեփանակերտի մայր տաճարի քանդման փաստը չէ հաստատած՝ ըսելով, որ ատիկա տակաւին պէտք է ճշդուի։
Փաշինեան հարցը կը նկատէ «երկսայրի սուր»
Անդրադառնալով այս հարցին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապրիլ 23-ին յայտարարած է, թէ «չի կարծեր», որ Ստեփանակերտի Մայր տաճարին հարցը պետական մակարդակով միջազգային քննարկումներու առարկայ կը դառնայ։ Ըստ անոր՝ նման նիւթերու նկատմամբ, մա՛նաւանդ հիմա, «պէտք է ըլլալ շրջահայեաց, որովհետեւ անոնք երկսայրի սուր են»։
