Փարիզի մէջ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումը

Կոմիտասի յուշարձան copie

Հանրահաւաքն ու քայլարշաւը վերածուեցան Պաքուի հայ պատանդներուն զօրակցութեան զանգուածային ցոյցի

Ուրբաթ, Ապրիլ 24-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի ոգեկոչումը, որ այս տարի ստացաւ յատուկ շեշտադրում՝ ամբողջութեամբ նուիրուելով Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող 19 հայ պատանդներուն։

Հազարաւոր հայեր եւ ֆրանսացի բարեկամներ համախմբուած էին Փարիզի «Հայաստան» հրապարակին վրայ՝ Կոմիտասի արձանին շուրջ, յարգանքի տուրք մատուցելու 1915-ի նահատակներուն։ Այս տարուան ձեռնարկին գլխաւոր խորհրդանիշը դարձաւ դեղին ժապաւէնը։ Թէ՛ ելոյթ ունեցողները եւ թէ՛ ներկաները կը կրէին այս նշանը՝ իբրեւ բանտարկեալներու ազատ արձակման հրամայական պահանջ։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան ֆրանսացի պետական ու քաղաքական բարձրաստիճան դէմքեր, որոնց շարքին՝ նախկին վարչապետ Կապրիէլ Աթալ, Հօ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ Զաւիէ Պերթրան, Ծերակոյտի մէջ UDI խմբակցութեան նախագահ Հերվէ Մարսէյ եւ Փարիզի քաղաքապետ Էմանիւէլ Կրեկուար։ Ֆրանսայի կառավարութիւնը կը ներկայացնէր Ներքին գործոց նախարարին առընթեր նախարար Ժան-Տիտիէ Պերժէ։

Պաշտօնական ծաղկեպսակներ զետեղեցին Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF), Հրէական կազմակերպութիւններու ներկայացուցչական խորհուրդը (CRIF) եւ այլ կառոյցներ։ Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեանն ու Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը, ինչպէս նաեւ յոյն, կիպրացի եւ քիւրտ համայնքներու ներկայացուցիչներ։

Ելոյթ ունեցողները Ցեղասպանութեան յիշատակը անխզելիօրէն կապեցին հայութեան դիմաց ծառացած ներկայի մարտահրաւէրներուն։ Քաղաքապետ Կրեկուար խոստաւ մինչեւ տարեվերջ Փարիզի մէջ հիմնել «Հայաստանի տուն»-ը, որուն «հիմանաքարը դրած» էր նախկին քաղաքապետ Անն Հիտալկօ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ պարզել Պաքուի մէջ պահուող գերիներուն դիմանկարները։ Իրենց կարգին, CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը ընդգծեցին միջազգային ճնշումը ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը՝ պատանդները օր առաջ փրկելու նպատակով։ Նախարար Պերժէ եւս վերահաստատեց Փարիզի աներեր զօրակցութիւնը Հայաստանին՝ մարդկային իրաւանց եւ անվտանգութեան հարցերը կապելով յիշողութեան պահպանման պարտականութեան հետ։

Ոգեկոչման պաշտօնական բաժինէն ետք, հոծ բազմութիւնը մասնակցեցաւ բողոքի երթին։ Հազարաւոր հայեր քայլարշաւով ուղղուեցան դէպի Շան զ՚Էլիզէ՝ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին ուղղութեամբ։ Ցուցարարները վանկարկեցին Անգարայի ժխտողականութիւնը դատապարտող եւ արդարութիւն պահանջող կարգախօսեր՝ դարձեալ ցուցադրելով դեղին ժապաւէնները ու փաստելով, որ 111 տարի ետք՝ Հայ դատն ու պատանդներու ազատագրման ներկայ պայքարը կը մնան կենդանի եւ անբաժան։

Կ՚արժէ նաեւ նշել, որ ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն «աւանդութիւն» դարձած անձրեւին ու փոթորիկին, այս տարի եղանակը որոշած էր արեւուն տաք ճառագայթներով ներկայ ըլլալ Փարիզի ապրիլեան ոգեկոչումին, տարածելով պայծառ երկինք մը մայրաքաղաքին վրայ։