Փարիզի քաղաքապետարանի աւանդական ընդունելութիւնը
Սրահը լուսաւորուած էր հայկական եռագոյնով
Երկար տարիներ նախկին քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի հիւրընկալութեամբ կայացած աւանդական արարողութիւններէն ետք, այս տարի Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման յատուկ ընդունելութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուէր Փարիզի նորընտիր քաղաքապետ Էմանիւէլ Կրեկուարի կողմէ։ Օրուան առիթով, քաղաքապետարանի սրահը լուսաւորուած էր հայկական եռագոյնով։

Ձեռնարկին ներկայ էին ֆրանսացի խորհրդարանականներ, Փարիզի քաղաքային խորհուրդի անդամներ, համայնքային, մշակութային եւ եկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր ֆրանսահայեր ու ֆրանսացիներ։ Ընդունելութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեանն ու դեսպանատան անձնակազմը։
Ելոյթներով հանդէս եկան քաղաքապետ Կրեկուար, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահները՝ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան, դեսպան Արման Խաչատրեան։



Իր ելոյթին մէջ, Փարիզի նորընտիր քաղաքապետ Էմանիւէլ Կրեկուար վերահաստատեց Ֆրանսայի մայրաքաղաքին աներեր զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին՝ խոստանալով հանրային վայրերու մէջ ցուցադրել Պաքուի 19 հայ պատանդներուն դիմանկարները եւ աջակցիլ «Հայաստանի տան» ծրագրի իրականացման, որուն «հիմնաքարը դրած» էր նախկին քաղաքապետ ԱՆն Հիտալկօ։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը մնայ կենսական պայքար։ Ան նաեւ ընդգծեց Փարիզի եւ եւրոպական ամենամեծ հայ համայնքին միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական ու անքակտելի կապը. յիշեցուց, որ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը միշտ եղած է ապաստան ու համերաշխութեան օճախ՝ իբրեւ հպարտութեան օրինակ յիշատակելով Միսաք Մանուշեանն ու Շառլ Ազնաւուրը։ Քաղաքապետը նաեւ շեշտեց, որ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը մնայ կենսական պայքար, եւ թէ յիշողութիւնը իմաստ կը ստանայ միայն այն ատեն, երբ ան կը լուսաւորէ ապագան ու կ՚առաջնորդէ դէպի արդար խաղաղութիւն։
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Արա Թորանեան օրուան խորհուրդը նուիրեց Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ղեկավարներուն եւ գերիներուն՝ խստիւ դատապարտելով Անգարա-Պաքու դաշինքին համաթուրանական ծրագրերը, որոնց անպատժելիութիւնը յանգեցուց Արցախի հայաթափման։
Իսկ CCAF-ի միւս համանախագահը՝ Մուրատ Փափազեան, ուղղակի դիմելով քաղաքապետին՝ պահանջեց, որ Փարիզ չբաւարարուի միայն ոգեկոչումով, այլեւ գործնական քայլերով եւ իր ողջ ազդեցութեամբ հետամուտ ըլլայ հայ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման ու Ցեղասպանութեան ճանաչման։
Իսկ դեսպան Խաչատրեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Փարիզի նորընտիր քաղաքապետին՝ հայ ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերած զօրակցութեան եւ այս ոգեկոչման ձեռնարկի կազմակերպման համար։ Ան ընդգծեց, որ պատմութեան ընթացքին Ֆրանսան մշտապէս կանգնած է հայ ժողովուրդին կողքին՝ բարձր գնահատելով պետութեան շարունակական աջակցութիւնն ու առանցքային դերակատարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ։ Ան նաեւ նշեց, որ յարգելով հանդերձ անմեղ զոհերու յիշատակը, Հայաստան կը շարունակէ դրացիներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած իր ջանքերը՝ ընտրելով խաղաղութեան ուղին։ Ան աւելցուց, որ միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի նախաձեռնութիւնները մեծապէս կը նպաստեն ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման։
