Փարիզի Նոթր-Տամ տաճարին մէջ հայկական ծէսով պատարագ

Նոթր Տամ-3

Պատարագը մատուցուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Մայրաքաղաքիս Նոթր-Տամ տաճարին մէջ, Շաբաթ, Ապրիլ 25-ի առաւօտեան, Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, մատուցուեցաւ զոհերու յիշատակի ոգեկոչման պատարագ, հայկական ծէսով, հայերէն երգեցողութիւններով:

Պատարագին նախագահեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ գերապայծառ Եղիա եպիսկոպոս Եղիայեան։

Պատարագին ներկայ էր նաեւ Փոնթուազի եպիսկոպոս Պընուա Պերթրան, որ հանդէս եկաւ քարոզով:

Անոնք, որոնք կը փափաքին, կրնան արարողութիւնը դիտել հետեւեալ կապով.