Զելենսքի՝ Ազերպայճանի մէջ

Զելենսքի-Ալիեւ

Կնքուած են վեց համաձայնագրեր, իսկ Պաքուն առաջարկուած է որպէս ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու հարթակ

Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Ապրիլ 25-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Ազերպայճան, ուր Քապալայի մէջ գլուխ-գլխի հանդիպում ունեցած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պատերազմէն ի վեր իր այս առաջին այցին առիթով, Զելենսքի «Թելեկրամ»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Կարեւոր բանակցութիւններ։ Փոխադարձ յարգանք եւ գործակցութիւն, որ պիտի ամրապնդէ մեր երկու ազգերը»։

Միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Զելենսքի յայտարարած է, որ կողմերը ստորագրած են վեց փաստաթուղթ, որոնք կը վերաբերին զանազան մարզերու, յատկապէս՝ անվտանգութեան եւ միասնական արտադրութեան։ «Այսօր թիւ մէկ մարզը անվտանգութիւնն է, պաշտպանական-արդիւնաբերական համալիրները», շեշտած է ան։ Իր կարգին, Ալիեւ բարձր գնահատած է երկկողմանի քաղաքական ամուր կապերը՝ ընդգծելով ռազմաարդիւնաբերական մարզին մէջ համատեղ արտադրութեան մեծ հեռանկարները։

Նախագահները քննարկած են նաեւ տնտեսական եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ գործակցութեան ընդլայնումը։ Ալիեւ նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի շրջանառութիւնը այժմ կը կազմէ աւելի քան 500 միլիոն տոլար, եւ ունենալով բոլոր անհրաժեշտ կարելիութիւնները՝ ան պիտի շարունակէ աճիլ։ Ալիեւ նաեւ յիշատակած է «SOCAR» ընկերութեան յաջող գործունէութիւնը Ուքրաինայի մէջ։

Ասուլիսի կարեւորագոյն յայտարարութիւններէն մէկը եղած է Զելենսքիի առաջարկը՝ Ուքրաինայի եւ Ռուսաստանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները կայացնել Ազերպայճանի մէջ։ Ուքրաինացի ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է Պաքուին՝ դժուարին այս ժամանակաշրջանին իր երկրին ուժանիւթի 11 օգնութեան ծրար տրամադրելուն համար։