ՄԱՐՍԻԼԻԱ — Ապրիլեան ոգեկոչում՝ Ֆրանսայի վարչապետին մասնակցութեամբ

Մարսիլիա-2

Ապրիլ 24-ին, Մարսիլիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ՝ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին շրջափակին մէջ:

Արարողութեան ներկայ էին Ֆրանսայի վարչապետ Սեպասթիէն Լըքոռնիւն, Փրովանս-Ալփ-Գոթ տ’Ազիւրի նահանգապետ Ժաք Վիթքովսքին, Պուշ-Տիւ-Ռոն շրջանի ղեկավար Մարթին Վասալը, Մարսիլիոյ քաղաքապետ Պընուա Փայանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արա Մկրտչեանը։ Ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանի զոյգ պալատներու երեսփոխաններն ու ծերակուտականները, պետական եւ տեղական իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Ֆրանսայի վարչապետը, Մարսիլիոյ քաղաքապետը, Պուշ-Տիւ-Ռոն շրջանի ղեկավարը եւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը:

Արարողութեան աւարտին, ներկաները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին առջեւ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով անմեղ զոհերու յիշատակին: