ԼԻՈՆ — Ոգեկոչման խորհուրդը աղարտող անպատեհ աղմուկ մը
Լիոն 2-րդի թաղապետ Փիէր Օլիվէ՝ Շրջանին կողմէ յղուած եւ քաղաքապետարանին կողմէ մերժուած ծաղկեպսակով
Ապրիլ 24-ին Լիոնի մէջ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւնը յատկանշուեցաւ բուռն բանավէճով մը, երբ քաղաքապետարանը մերժեց Օվեռն-Ռոն-Ալփ շրջանի ծաղկեպսակին զետեղումը։
Շարք մը ընտրեալներ, որոնց կարգին՝ Լիոն 2-րդի թաղապետ Փիէր Օլիվէն եւ Շրջանի նախագահ Ֆապրիս Փանքուքը, խստօրէն դատապարտեցին այս «գաղափարախօսական» եւ «գայթակղեցուցիչ» որոշումը։
Արարողութիւնը նաեւ ի յայտ բերաւ քաղաքական հակասական մասնակցութիւն մը. մինչ «Ազգային համախմբում» (RN) կուսակցութեան երեսփոխան Թիֆանի Ժոնքուր ներկայ էր, «Հանրապետականներ» (LR) կուսակցութեան այլ ընտրեալներ, որոնք սովորաբար միշտ կը մասնակցէին, հրաւիրուած չէին։
Այս միջադէպին դիմաց, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին (CCAF) լռութիւնը կ՚ընդգծէ իրավիճակ մը, ուր ըստ երեւոյթին՝ ձեռնարկին կազմակերպումը այլեւս ամբողջութեամբ կը վերահսկուի տեղական իշխանութիւններուն կողմէ։
Այսպէսով, հայկական միութիւններուն դերը կը սահմանափակուի լոկ ծաղկեպսակ կրողի արարողակարգային պարտականութեամբ մը։
