Իրանի մէջ շաբաթ մը առաջ սկսած ցոյցերը չեն դադրիր, իսկ զոհերուն եւ ձերբակալուածներուն թիւը կ՚աճի։
Պետութեան կողմէ վերահսկուող լրասփիւռներն ու միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները Յունուար 3-ին հաղորդած են ցուցարարներու եւ անվտանգութեան ուժերու միջեւ բախումներուն հետեւանքով առնուազն ութ մեռեալի եւ աւելի քան երեք տասնեակ վիրաւորներու մասին։ Շուրջ երկու հարիւր ցուցարար ալ ձերբակալուած է։
Իրանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս չեն հաստատած այս տեղեկութիւնները։
Նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան յայտարարած էր, որ կ՚ընդունի իրանցիներու «օրինական պահանջները», միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղած էր կառավարութեան՝ միջոցներու ձեռնարկելու տնտեսական դժուարութիւնները մեղմելու համար։
Սակայն անվտանգութեան ուժերը խոստացած են կոշտ կեցուածք որդեգրել ցուցարարներուն եւ անոնց նկատմամբ, որոնք իրավիճակը «կ՚օգտագործեն» քաոս ստեղծելու համար։
Յիշեցնենք, որ ցոյցերը ծայր առած էին ազգային դրամանիշի կտրուկ արժեզրկման պատճառով։
