Տարես­կիզբի բա­րի մաղ­թանքնե­րը չեն ծած­կեր լուրջ խնդիր­ներն ու մտա­հոգու­թիւննե­րը, որոնք օրա­կար­գի վրայ էին 2025-ին՝ Ուքրա­ինայի, Պա­ղես­տի­նի պա­տերազմնե­րը, Սու­րիոյ, Լի­բանա­նի, Իրա­նի վրայ յար­ձա­կումնե­րը, Անդրկով­կա­սի մէջ Հա­յաս­տա­նի դէմ սպառ­նա­լիք­նե­րը եւ ընդհան­րա­պէս մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի ոտ­նա­կոխու­մը, գաղ­թա­կանու­թեան դէմ քա­րոզ­չա­կան ար­շաւնե­րը, տնտե­սական տագ­նապնե­րը, կլի­մայա­կան փո­փոխու­թիւննե­րը, անա­պահո­վու­թեան զգա­ցու­մը, ան­կաշկանդ անար­գա­կան խօս­քի տա­րածու­մը ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ, թեք­նա­բանու­թեան ներ­թա­փան­ցումը ամէնօրեայ կեան­ք… բնա­պահ­ու­թեան տագ­նապնե­րը։ Եւ զար­մա­նալիօրէն ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան (ԱԲ) թե­ման, մէկ օրէն միւ­սը դար­ձաւ հիմ­նա­հարց, քա­ղաքա­կան ու տնտե­սական լայն շրջա­նակ­նե­րու մտա­հոգու­թեան առար­կան, ո՛չ այնքան ոլոր­տի ըն­կե­րու­թիւննե­րու նուաճած աստղա­բաշ­խա­կան արժէքներուն, ո՛չ ալ այդ ըն­կե­րու­թիւննե­րուն ներդրած հսկայական դրա­մագ­լուխ­նե­րուն պատ­ճա­ռով, այլ այն անո­րոշու­թիւննե­րուն, որոնք կ՚ու­րուագ­ծուին գի­տու­թեան, տնտե­սու­թեան եւ ըն­կե­րային ոլորտներուն մէջ, այնքան որ ԱԲ-ի՝ նոր աշ­խարհա­կարգ մը պար­տադրե­լու կա­րողու­թիւննե­րը մեծ ու ան­սահման պի­տի ըլ­լան։ Հե­տեւա­բար այս բո­լոր երե­ւոյթնե­րը բնա­կանա­բար ապա­գան կը դարձնեն ան­կանխա­տեսե­լի։ 

Եւ երբ այս բո­լորին վրայ կ՚աւել­նայ ան­կանխա­տեսե­լի քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րը աշ­խարհի ներկայի քա­ղաքա­կան ղե­կավա­րու­թեան, սկսե­լով ԱՄՆ-ու նա­խագահ Թրամ­փէն, որ խա­ղաղու­թեան օրա­կար­գի անուան տակ Վե­նեզուելա­յի դէմ պա­տերազմ կը սան­ձա­զեր­ձէ, ան­սա­կարկ կը պաշտպա­նէ իս­րա­յէլեան յար­ձա­կումնե­րը իր դրացի­ եր­կիրնե­րուն վրայ, սա­կայն միւս կողմէն՝ Ուքրաինա­յի ու Անդրկով­կա­սի մէջ կը գոր­ծէ խա­ղաղու­թիւն հաս­տա­տելու ուղղու­թեամբ, ան­կանխա­տեսե­լիու­թեան, անապ­ա­հովու­թեան սահ­մաննե­րը կը մեծ­նան ու կը ծա­ւալին։ Այս առ­թիւ կ՚ար­ժէ վեր­յի­շել ԱՄՆ-ու նախ­կին նա­խագահ Ճօ Պայ­տընի՝ իր պաշ­տօ­նի աւար­տին կա­րեւոր հաս­տա­տու­մը ի տես Թրամ­փի յա­ջողու­թեան. «Այ­սօր Ամե­րիկա­յի մէջ կը ձե­ւաւո­րուի ծայ­րա­յեղ հարստու­թեան, ու­ժի եւ ազ­դե­ցու­թեան տի­րող փոք­րա­մաս­նութեան մը իշ­խա­նու­թիւնը (oligarchie), որ իս­կա­պէս կը սպառ­նայ մեր ամ­բողջ ժո­ղովրդա­վարու­թեան, մեր հիմ­նա­կան իրա­ւունքնե­րուն, ազա­տու­թիւն­նե­րուն եւ բո­լորին յառաջ եր­թա­լու ար­դար հնա­րաւո­րու­թեան»։

Այո՛, մտա­հոգիչ են աշ­խարհի ներ­կայ քա­ղաքա­կան զար­գա­ցումնե­րը, մա՛­նա­ւանդ քա­ղաքա­կան ղե­կավա­րու­թեան են­թա­կայու­թիւնը թեք­նա­բանու­թեան լո­պինե­րու, որոնց պար­տադրած օրա­կար­գե­րը կ՚ան­տե­սեն մի­ջազ­գա­յին օրէնքն ու արեւմտեան ժո­ղովրդա­վար ըն­կե­րու­թիւննե­րու, մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րու հիմ­նական սկզբունքնե­րը։ 

Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւնը ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր ծայ­ր աստի­ճան տագ­նա­պալի իրա­վիճակ­ներ ու պա­տե­րազմներ ապ­րե­ցան. Հայաստան ինքնիշ­խա­նու­թեան քօ­ղին տակ աւե­լի ու աւե­լի կա­խեալ դար­ձաւ Ռու­սաստա­նէն տնտե­սապէս, ռազ­մա­կանա­պէս, միաժա­նամակ պար­պուելով իր գլխա­ւոր հարստու­թե­նէն՝ բնակ­չութե­նէն։ 2020-ի պար­տութիւ­նը եւ 2023-ի Ար­ցա­խի կո­րուստը պար­տադրե­ցին ինքնիշ­խա­նու­թեան, խա­ղաղու­թեան եւ ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան ռազ­մա­վարա­կան բազ­մա­զանու­թեան օրա­կար­գը։ Ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կան ղե­կավա­րու­թիւնն ու բնակ­չութիւնը շատ աւե­լի ինքնավստահ են ու ապա­հով քան պա­տերազ­մի վա­ղոր­դայնին։ Կայ նա­խաս­տո­րագրուած խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագիր։ Սա­կայն, դեռ ոչինչ վերջնա­կան է։ Տա­կաւին շատ են առ­կախ խնդիր­նե­րը՝ խա­ղաղու­թեան բուն պայմանագրի ստո­րագ­րութիւն, սահ­մա­նազա­տում, ճա­մբանե­րու կա­ռու­ցում, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան գիծե­րու ապաշրջափակում, Պա­քուի հայ գերիներու ազա­տագ­րում… Եւ վճռական պիտի ըլլան 2026-ի խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւն­նե­րը՝ պի­տի շարունակուի՞ ներ­կայի ռազ­մա­վարու­թիւնը, թէ՞ պիտի կատարուի վերադարձ Ռուսաս­տանի քա­ղաքա­կա­նութեան ենթարկման։

Զար­մա­նալին այն է որ ար­տա­քին սպառ­նա­լիք­նե­րը, բնաւ չեն առաջ­նոր­դած ներ­քին ճա­կատի վրայ աւե­լի զգօ­նու­թեան եւ հաշ­տա­րար մթնո­լորտի ստեղ­ծման։ Նոյ­նիսկ եկե­ղեցին, որ հա­մախմբող դեր ու­նե­ցած է աւան­դա­բար, վեր­ջին եր­կու տա­րինե­րուն դար­ձաւ կողմ, լքե­լով աւան­դա­բար իրեն վե­րա­պա­հուած վե­րազ­գա­յին դիր­քո­րոշու­մը։

Հա­յաս­տան շատ յան­դուգն քայ­լե­րու դի­մեց հա­ւատա­լով խա­ղաղու­թեան կա­րեւո­րու­թեան, իբր գլխա­ւոր երաշ­խիք իր գո­յատե­ւման։

Ժ.Չ. ■