Ազերպայճան բողոքագիր յանձնած է Եւրոպական Միութեան դեսպանին

Մարիանա

Մարիանա Քույունճիչ

Ազերպայճանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Մարիանա Քույունճիչ Մայիս 1-ին կանչուած է Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր յանձնուած է բողոքագիր։ Պաքուն խստօրէն դատապարտած է Եւրոպական խորհրդարանի նախօրդ օր ընդունած «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակադրականութեան» բանաձեւը, որով կը վերահաստատուէր աջակցութիւնը Արցախի հայերու իրաւունքներուն, անոնց մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան եւ անվտանգ վերադարձին։ Իբրեւ հակաքայլ, Ազերպայճանի խորհրդարանը (Միլլի մեճլիս) որոշած է դադրեցնել իր կապերը Եւրոպական խորհրդարանին հետ։