«Ափէ-Ափ» ամառնային մանկապատանեկան ծրագիր
«Յառաջ» կեդրոն
Մամլոյ հաղորդագրութիւն
Երեւան, 27 Ապրիլ 2026
«Ափէ-Ափ» ամառնային մանկապատանեկան ծրագիր
Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնը, իր հնգամեայ գործունէութեան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով, 2026-ի ամռան, կը կազմակերպէ արեւմտահայ մանուկներու եւ պատանիներու երկշաբաթեայ «Ափէ-Ափ» ծրագիրը: Սփիւռքի տարբեր երկիրներէն Հայաստան այցելող եւ տարիներէ ի վեր Հայաստան հաստատուած արեւմտահայ ընտանիքներու զաւակները արձակուրդները պիտի անցընեն ընկերական ու խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:
«Ափէ-Ափ» ամառնային արեւմտահայերէն մանկապատանեկան ծրագիրը կը միտի, Յուլիս 13-24 ժամանակահատուածին, արեւմտահայ մանուկներն ու պատանիները հիւրընկալել Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրի ընդարձակ տարածքին մէջ, ուր անոնք առիթը պիտի ունենան զանազան ստեղծագործական եւ մարզական աշխատանոցներով, արեւմտահայ փորձառու ուղեկիցներով, նոր հմտութիւններ եւ փորձառութիւններ ձեռք բերելու, հաճելի եւ ոգեւորիչ ժամանակ անցընելով իրենց հասակակիցներուն հետ:
Տեղերը սահմանափակ ըլլալով,– առաւելագոյնը՝ 40 երեխայ,– հետաքըրքրուողներէն կը խնդրուի շուտով արձանագրուիլ եւ տարածել այս յայտարարութիւնը իրենց շրջապատի ծանօթներուն։
Ստորեւ կը գտնէք «Ափէ-Ափ» ամառնային արեւմտահայերէն մանկապատանեկան ծրագիրին յայտարարութիւնն ու արձանագրութեան թերթիկի յղումը:

Արձանագրութեան թերթիկի յղում՝
https://docs.google.com/forms/d/1Ks-xZyJ9O_UDHmPuf3vXdXxEjbnjuXMyHpyn1e4nzPY/edit
Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնը, 2021-էն սկսեալ իր գործունէութիւնը ծաւալած է Երեւանի մէջ հայաստանցի մեր հայրենակիցներուն համար արեւմտահայերէնը տեսանելի ու շօշափելի դարձնելու նպատակով, արեւմտահայերէնով լոյս տեսած նոր հրատարակութիւններու ներկայացումէն սկսեալ մինչեւ սփիւռքահայ մտաւորականներու համար լսարան հանդիսանալ, թատերական ընթերցումներ կատարել։ Միաժամանակ, կեդրոնը կը բանի Հայաստան հաստատուած արեւմտահայ հայրենակիցներուն իբրեւ հաւաքավայր, անոնց հետ մշակութային գործունէութիւն ծաւալելու։
«Յառաջ» կեդրոնին հետ կապ հաստատելու տուեալներ.
• հեռաձայնով՝ +37477460112
• ել նամակով՝ haratchfoundation@gmail.com ■
