Ազերպայճան կրկին կ՚արդարացնէ Արցախի հայկական եկեղեցիներու քանդումը

Մայր տաճար

La cathédrale de l'Intercession-de-la-Sainte-Mère-de-Dieu

Ազերպայճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ Արցախի մէջ հայկական եկեղեցիներու քանդումը կը բխի Ազերպայճանի օրէնսդրութենէն եւ միջազգային չափանիշերէն՝ զանոնք որակելով իբրեւ բռնագրաւման շրջանին կառուցուած «անօրինական կառոյցներ»։ Ան այս մասին խօսած է դիւանագէտներու խումբի մը Արցախ կատարած այցելութեան ընթացքին։ Պաքուն արդէն իսկ հաստատած է Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Հովանիի մայր տաճարի եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ քանդումը։

Այս զարգացումներուն առնչութեամբ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ պէտք է որոշել՝ արդեօք պետութիւնը պէտք է ընտրէ հակամարտութեա՞ն ճամբան, թէ՞ ոչ։ Ան այս կացութիւնը համեմատած է Արծուաշէնի հնարաւոր վերադարձին եւ հոն հաւանական մզկիթի մը գոյութեան հետ։ Վարչապետը աւելցուցած է, թէ չի խորհիր, որ հարցը պետական մակարդակով միջազգային քննարկման առարկայ պէտք է դառնայ՝ ընդգծելով, որ որեւէ արձագանգ պէտք է հիմնուի միայն պաշտօնական համաձայնութիւններու վրայ։

Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն դատապարտած է Կովկասի մահմետականներու վարչութեան յայտարարութիւնը, որ կը փորձէր նոյնպէս արդարացնել հոգեւոր ու մշակութային յուշարձաններու ոչնչացումը։ Մայր Աթոռը այս արարքը որակած է «մշակութային եղեռնագործութիւն» եւ բացայայտ ոտնձգութիւն՝ կոչ ուղղելով միջազգային իրաւապաշտպան եւ մշակութային կառոյցներուն՝ գործուն քայլերով կասեցնելու Ազերպայճանի այս քաղաքականութիւնը։

Նշենք, որ նախապէս Կովկասի մահմետականներու վարչութիւնը յայտարարութեամբ մը արդարացուցած էր հայկական սրբավայրերու քանդումը՝ պնդելով, որ «բռնագրաւման շրջանին կառուցուած անօրինական շինութիւններու քանդումը չի կրնար դիտարկուիլ իբրեւ կրօնական կամ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում»։ Ազերպայճանական այս հոգեւոր կառոյցը նաեւ ամբաստանած էր Հայ առաքելական եկեղեցին՝ պատմական իրականութիւնը խեղաթիւրելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերը խաթարելու մեղադրանքով։