Պաքու կը պնդէ, թէ «հայամէտ խումբերու» կողմէ խառնաձեւ յարձակումներու կ՚ենթարկուի
Ազերպայճանի Միլլի Մեճլիսի (խորհրդարան) Արտաքին միջամտութեան եւ խառնաձեւ (հիպրիտային) սպառնալիքներու դէմ պայքարի առժամեայ յանձնաժողովը յայտարարած է, թէ վերջին օրերուն ապատեղեկատուական արշաւ մը կը տարուի Ազերպայճանի, ինչպէս նաեւ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան օրակարգին դէմ։
Ազերպայճանական կառոյցը կը պնդէ, որ այս արշաւը կ՚իրականացուի տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայկական լոպիական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ազդեցիկ պաշտօններ վարող օտար քաղաքացիներու եւ լրասփիւռներու կողմէ։ Միլլի Մեճլիսի յանձնաժողովին համաձայն, Ստեփանակերտի մէջ աւերուած եկեղեցիներուն մասին վերջին հաղորդագրութիւնները, ինչպէս նաեւ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայերը ազատ արձակելու կոչերը կը հնչեն ճիշդ այդ կազմակերպութիւններու պատուէրով։
«Այս անգամ հայկական լոպիական կազմակերպութիւնները իրենց զրպարտական արշաւին մէջ այլ մարտավարութիւն մը ընտրած են՝ աղմուկ բարձրացնելով քանի մը նիւթերու շուրջ, որոնց շարքին՝ այսպէս կոչուած “ցեղասպանութեան”, “ռազմագերիներու” եւ Ստեփանակերտի մէջ շինարարական ծրագրերու շուրջ»,– կը նշէ Միլլի Մեճլիսը՝ զգուշացնելով, որ այս քայլերը կրնան վնասել երկու երկիրներու միջեւ «փխրուն խաղաղութեան գործընթացին»։ Յայտարարութիւնը, սակայն, որեւէ յստակ փաստ կամ օրինակ չէ վկայակոչած։
Յիշեցնենք, որ նախորդ օրն իսկ, Միլլի Մեճլիսը խզած էր իր կապերը Եւրոպական խորհրդարանին հետ՝ եւրոերեսփոխանները մեղադրելով հայամէտութեամբ, կեղծ թեզերու տարածումով եւ զրպարտութեամբ։ Սա յաջորդած էր Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմադրականութեան» բանաձեւի ընդունումին, որով եւրոպական բարձրագոյն կառոյցը կը վերահաստատէր իր աջակցութիւնը Արցախահայութեան իրաւունքներուն, ներառեալ անոնց ինքնութեան, սեփականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային երաշխիքներու ներքոյ անոնց անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքին։
