Երեւանը՝ եւրոպական դիւանագիտութեան կեդրոն
Սկիզբ կ՚առնէ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովը
Հայաստանի մայրաքաղաքը այս օրերուն կը հիւրընկալէ աննախադէպ ծաւալի միջազգային իրադարձութիւն մը։ Մայիս 3-էն 5, Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն շուրջ յիսուն եւրոպական երկիրներու ղեկավարներ, ներառեալ՝ Ուքրաինան եւ Թուրքիան։ Պաշտօնական միջոցառումները կը սկսին Մայիս 3-ի երեկոյեան, ղեկավարներու մասնակցութեամբ պաշտօնական ընթրիքով, իսկ բուն վեհաժողովի լիագումար նիստերը պիտի կայանան Երկուշաբթի, Մայիս 4-ին, Մարզահամերգային համալիրին մէջ։ Բուն վեհաժողովին պիտի յաջորդեն նաեւ երկկողմանի պաշտօնական այցելութիւններ, որոնք կ՚երկարաձգուին մինչեւ Երեքշաբթի, Մայիս 5։
Առաջին ժամանումներն ու Զելենսքիի պատմական այցը
Մայրաքաղաք արդէն իսկ սկսած են ժամանել առաջին հիւրերը։ Հայաստան հասած է Անտորրայի վարչապետ Խաւիէր Էսփոթ Զամորան, զոր օդակայանին մէջ դիմաւորած է Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանը։ Ուշագրաւ է Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի ժամանումը. Սա անոր առաջին այցելութիւնն է Հայաստան։ Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ ան կը գտնուէր Պաքու, ուր առաջարկած էր Ազերպայճանը դիտարկել իբրեւ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու հարթակ, սակայն Մոսկուան մերժած էր այդ նախաձեռնութիւնը։
Ֆրանսայի նախագահին պաշտօնական այցն ու համերգ՝ Գիւմրիի մէջ
Վեհաժողովին մասնակցելէ բացի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն նաեւ պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան։ Երեքշաբթի, Մայիս 5-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ երեւանեան բանակցութիւններէն ետք, երկու ղեկավարները պիտի մեկնին Գիւմրի, ուր նախատեսուած է ֆրանքեւհայկական բացօթեայ մեծ համերգ մը։
Թուրքիոյ բարձրաստիճան մասնակցութիւնը
Երկա՜ր անորոշութենէ ետք յստակացած է, որ վեհաժողովին Թուրքիան պիտի ներկայացնէ երկրի փոխնախագահ Ճեւտեթ Եըլմազը։ Սա յատկանշական իրադարձութիւն է, քանի որ 2008-ի «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ծիրին մէջ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի այցելութենէն ի վեր, այս մէկը թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը առաջին այցն է Հայաստան։ Ըստ թրքական պետական «Անատոլու» գործակալութեան, հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին ժողովրդավարական դիմադրականութեան, տնտեսական ու ուժանիւթային անվտանգութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային հարցեր։ Ինչ կը վերաբերի Ազերպայճանի մասնակցութեան, առայժմ որեւէ տեղեկութիւն չէ հաղորդուած։
Գերմանիոյ վարչապետին բացակայութիւնը
Միւս կողմէ, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց պիտի չկարենայ մասնակցիլ երեւանեան հաւաքին։ Ըստ «DPA» գործակալութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ պատճառը անոր աշխատանքային գերծանրաբեռնուած օրակարգն է։ Աղբիւրը կը նշէ, որ Մերց մնայուն կապի մէջ է մասնակից պետութիւններու ղեկավարներուն մեծ մասին հետ:
