Կիրանցի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը
Վարչապետ Փաշինեան մասնակցած է արարողութեան
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 2-ին այցելած է Տաւուշի մարզ, ուր մասնակցած է շարք մը ձեռնարկներու։ Իրեն ընկերակցած են Տարածքային կառավարման, Ներքին գործոց եւ Մշակոյթի ու կրթութեան նախարարները։
Տաւուշի Կիրանց գիւղին մէջ, վարչապետը ներկայ գտնուած է վերականգնուած Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ օծման արարողութեան։ Օծումէն ետք, Դիմագիրքէն ուղղակի հաղորդումի միջոցաւ ան յայտնած է, թէ հայ-ազերպայճանական սահմանի սահմանազատուած այս հատուածին մէջ 19-րդ դարու եկեղեցւոյ վերանորոգումը խորհրդանշական մեծ քայլ կը նկատէ։

Եկեղեցւոյ օծումը կատարուած է ձեռամբ՝ Նոր Զելանտայի եւ Աւստրալիոյ թեմի նախկին առաջնորդ, այսօր հանգստեան կոչուած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաճարեանի։ Սրբազանը՝ «Շնորհակալ եմ, որ եկաք մասնակցելու։ Աստուած օրհնէ ձեր գործը»,– ըսած է վարչապետին։ Յատկանշական է, որ այս բարձրաստիճան հոգեւորականը չէր միացած կաթողիկոսը գահընկէց ընելու Փաշինեանի արշաւին. ի դէպ, Տաւուշի թեմէն ոչ մէկ հոգեւորական զօրակցած է եկեղեցւոյ բարենորոգման վարչապետի շարժումին։


Նախքան եզրափակելը՝ նշենք, որ օծման արարողութիւնը սկսած է Աճարկուտ գիւղի սկզբնամասէն՝ հոգեւորականներու առաջնորդած ուխտերթով։

