Մետվետեւ Զելենսքին ու Փաշինեանը կ՚որակէ «անուղեղ ռուսատեացներ»

Մետվետեւ

Ռուսաստանի նախկին նախագահ ու վարչապետ, ներկայիս Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Թելեկրամի իր ալիքին վրայ կոշտ գրառումով մը անդրադարձած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հանդիպումին։

Ան երկու ղեկավարները որակած է «անուղեղ ռուսատեացներ»։ «Այսօր Երեւանի մէջ երկու անուղեղ ռուսատեացներ, որոնք հիանալի կը խօսին ռուսերէն, իրենց թերարժէքութեան պատճառով կը զրուցէին վատ անգլերէնով։ Թէեւ, ամենայն հաւանականութեամբ, ատիկա տեսախցիկին համար էր: Կը պակսէին միայն Թրամփն ու Վենսը, որպէսզի անուսներուն անգլերէնի գիտելիքները ստուգէին…», – գրած է Մետվետեւ։