Ռուսական մամուլին խիստ արձագանգը

Ռուսական մամուլ

Երեւանի մէջ գումարուած Եւրոպական վեհաժողովներուն նկատմամբ ռուսական մամուլին խիստ արձագանգը

Ռուսական մամուլը խիստ քննադատութեամբ անդրադարձած է Երեւանի մէջ գումարուող Եւրոպական քաղաքական համայնքի եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն զոյգ վեհաժողովներուն, յատկապէս շեշտելով Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի այցելութիւնը։ Ըստ ռուսական լրասփիւռներուն՝ այս վեհաժողովները լուրջ հարուած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն։

Մասնաւորապէս, «Սվոպոտնայա Փրեսա» կը գրէ, թէ Երեւանի մէջ կը կատարուի դաշնակցային յարաբերութիւններու «վերջնական ու անվերադարձ կազմալուծումը»։ Թերթը կը շեշտէ այն «գերիրապաշտ» երեւոյթը, թէ պաշտօնապէս Ռուսաստանի դաշնակից եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկրի մը մէջ համախմբուած են «արեւմտեան բազէները»՝ ռուսական 102-րդ ռազմակայանէն ընդամէնը 90 քմ. հեռաւորութեան, քննարկելու համար Ռուսաստանը տարածաշրջանէն դուրս մղելու ծրագրեր։ Յօդուածագիրը կը պնդէ, որ Նիկոլ Փաշինեան կը փորձէ «նախընտրական քաղցրաբլիթ» ստանալ Պրիւսէլէն, իսկ Զելենսքիի ներկայութիւնը ամբողջութեամբ կը փոխէ վեհաժողովին իմաստը՝ կեդրոնանալով Ուքրաինայի համար զէնք մուրալու վրայ։ Թերթը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Պաքու հրաժարած է մասնակցելէ վեհաժողովին՝ ցուցաբերելով «հետեւողական դիրքորոշում», մինչդեռ Հայաստան կը փորձէ խուսանաւել։

Իր կարգին, «Մոսքովսքի Քոմսոմոլեց»-ը, մէջբերելով քաղաքագէտ Անտրէյ Քլինցեւիչը՝ կը նշէ, որ Երեւանի մէջ «հակառուսական ակումբ»-ի մը վեհաժողովին գումարումը հաւասարազօր է «մեր ընդհանուր պայմանաւորուածութիւններու երեսին թքելուն»։ Ըստ Քլինցեւիչի, Փաշինեանի «երկու աթոռի վրայ նստելու» փորձերը կը տանին փակուղի։ Աւելին, ռուս երեսփոխան Ալեքսանտր Թոլմաչով «Կազեթա.ռու»-ին հետ զրոյցին զգուշացուցած է, որ Հայաստան կրնայ կրկնել Ուքրաինայի ճակատագիրը, եթէ շարունակէ սխալ պատմական որոշումներ կայացնել։