Մաքրոն. «Շնորհակալութիւն այս ջերմ ընդունելութեան համար»
Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն ընկերային ցանցերու իր էջերուն վրայ գրառում մը կատարած է՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանին՝ իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար։ Նախագահը գրառումին կից տեղադրած է նաեւ Երեւանի փողոցներուն մէջ իր դիմաւորման տեսանիւթը։
«Շատ ուրախ եմ կրկին Հայաստան գտնուելուս համար։ Շնորհակալութիւն այս ջերմ ընդունելութեան համար։ Վաղը՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի ծիրէն ներս, մենք պիտի շարունակենք կառուցել աւելի ինքնիշխան Եւրոպա մը։ Այնուհետեւ, իմ բարեկամիս՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ պիտի ամրագրենք ռազմավարական գործընկերութիւնը մեր երկիրներուն միջեւ»,– գրած է Մաքրոն։
