Ստորագրուած է Հայաստան-Ֆրանսա ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիրը
Պետական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող նախագահ Մաքրոն եւ վարչապետ Փաշինեան Մայիս 5-ին ստորագրած են Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիր մը:
“Եթէ մենք առանց ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր կամ փաստաթուղթ ունենալու այսքան բան իրագործած ենք, կը պատկերացնեմ, թէ զայն հաստատելէ ետք տակաւին ի՛նչ յաջողութիւններ ու նուաճումներ կը սպասեն մեզի”,– ստորագրման արարողութեան յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահը նշած է. “Վերջին տարիներուն փափաքած ենք արդիականացնել Հայաստանի զինուած ուժերը եւ ամրապնդել անոր ինքնիշխանութիւնը: Կարելի է ըսել, որ ասիկա մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն կարեւոր հիմնասիւնն է”։
Վարչապետ Փաշինեան դիտել տուած է, որ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթը ոչ միայն կ՚ընդգծէ ներկայ իրավիճակը, այլեւ կարելիութիւններ կը ստեղծէ զայն աւելի՛ արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու եւ արժեւորելու։
“Բարձրագոյն մակարդակով ստորագրուող այս փաստաթուղթերը ուղերձ մըն են երկու երկիրներու զանազան մարզերուն առ այն, որ քաղաքական նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած են գործընկերութիւններ հաստատելու համար։ Կառավարութիւններուն դերն է ստեղծել բարենպաստ մթնոլորտ, որպէսզի սեփական թէ պետական հատուածի ընկերութիւնները սկսին գործել”,– աւելցուցած է Փաշինեան։
Երկու պետութիւններու ղեկավարներուն ներկայութեամբ ստորագրուած են շարք մը այլ փաստաթուղթեր եւս, որոնց կարգին՝
- Ռազմական արհեստագիտութեան եւ պաշտպանական համակարգերու հետազօտութեան, զարգացման եւ նորարարութեան մարզին մէջ համագործակցութեան փոխըմբռնման յուշագիր մը,
- Արհեստական բանականութեան, համացանցային անվտանգութեան եւ կիսահաղորդիչներու մարզերուն մէջ համագործակցութեան մտադրութիւններու նամակ մը,
- Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի հիմնադրամին վերաբերեալ համաձայնագիր մը։
