Կարեւոր համաձայնագրեր՝ «Airbus» ընկերութեան հետ

Ուղղաթիռ

Հայաստան երկու կարեւոր համաձայնագիր ստորագրած է ֆրանսական «Airbus» հսկայ ընկերութեան հետ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ֆրանսական «SOFEMA Group»-ն ու «Airbus Helicopters»-ը պայմանագրեր կնքած են Հայաստանին հանդերձանք եւ փոխադրական ուղղաթիռներ մատակարարելու շուրջ։ Կը նշուի, որ ասիկա կարեւոր քայլ մըն է ՀՀ զինուած ուժերու շարժունակութեան եւ արհեստագիտական վերազինման ճամբուն վրայ։ Այս պայմանագրով կը նախատեսուի Հայաստանին տրամադրել վեց «Airbus H145» բազմանպատակ ուղղաթիռներ։ Այս ռազմավարական գործարքները կնքուած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի՝ օրերս Հայաստան կատարած պետական այցելութեան ընթացքին։

Միւս կողմէ, քաղաքացիական օդագնացութեան մարզէն ներս, հայկական «FlyOne Armenia» ընկերութիւնն ու «Airbus»-ը համաձայնագիր ստորագրած են երկու նոր «Airbus A321-200NX» օդանաւերու ձեռքբերման վերաբերեալ։ Այս օդանաւերը յայտնի են իրենց արդիւնաւէտութեամբ եւ յարմարաւէտութեամբ, ինչ որ թոյլ պիտի տայ ընդլայնել հայկական ընկերութեան թռիչքներու աշխարհագրութիւնը։