Թուրքերը ջնջած են Մակարավանքի ուխտագնացութիւնը
Կիպրոսի թուրք իշխանութիւնները անակնկալ կերպով ջնջած են դէպի 1000-ամեայ Սուրբ Մակար հայկական վանք նախատեսուած ուխտագնացութիւնը
Հիւսիսային Կիպրոսի չճանչցուած թրքական բռնագրաւման իշխանութիւնները վերջին պահուն ջնջած են Կիրենիոյ շրջանին մէջ գտնուող 11-րդ դարու Սուրբ Մակար հայկական վանք նախատեսուած ուխտագնացութիւնը, հակառակ անոր որ համապատասխան փաստաթուղթերը երեք ամիս առաջ ՄԱԿ-ի միջոցով ներկայացուած էին անոնց:
Կիպրոսի խորհրդարանի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան «Cyprus Mail» պարբերականին յայտնած է, որ անցեալ Շաբաթ օր համայնքին հաղորդուած էր, թէ ուխտագնացութիւնը կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկայ Կիրակի, սակայն երկու օր ետք լուր տրուած է, թէ արտօնութիւնը յետս կոչուած է՝ «գրասենեակային սխալ»-ի մը պատճառաբանութեամբ:
Այս որոշումը կը խզէ աւանդութիւն մը, որ աստիճանաբար վերականգնուած էր վերջին երկու տասնամեակներուն։ «Քովիտ-19-ի համաճարակէն առաջ ուխտագնացութիւնը տեղի կ՚ունենար ամէն տարի։ Այնուհետեւ դադրեցաւ, իսկ ատկէ ետք զանազան բաներ պատահեցան։ Սակայն հիմա խիստ կարեւոր էր անոր կայացումը, որովհետեւ սկսած են դրամամիջոցներ տրամադրել մեզի՝ վանքը վերանորոգելու համար»,– ըսած է Մահտեսեան: Ան աւելցուցած է, որ համայնքը վերանորոգման ուղղութեամբ «շատ լաւ յառաջընթաց» արձանագրած էր, բայց այս արգելքով՝ «մէկ քայլ առաջ գացինք, երկու քայլ՝ ետ»։
Շաբաթ օրը արտօնութիւնը ստանալուն պէս համայնքը արագօրէն գործի անցած է։ Ըստ պետական ներկայացուցչին՝ հակառակ ուշ ժամ ըլլալուն, անմիջապէս կազմակերպուած են հանրաշարժները, հանրային յայտարարութիւն տարածուած է եւ շուրջ 60-70 հոգի արձանագրուած է։ Ան աւելցուցած է, որ սովորաբար այս ուխտագնացութիւնը կը ներգրաւէ նաեւ արտասահմանէն ժամանած մեծ թիւով հայեր։
Թրքական բռնագրաւման վարչակարգի այսպէս կոչուած «արտաքին գործոց նախարար» Թահսին Էրթուղրուլօղլուն «Cyprus Mail»-ին յայտնած է, թէ արտօնութիւն չէ տրուած վանքին «ֆիզիքական վիճակին» պատճառով, որ ներկայիս կը գտնուի լքուած ու կիսաւեր կացութեան մէջ։
Սուրբ Մակարի վանքի հայկական ուխտագնացութիւնը պատմականօրէն միշտ տեղի ունեցած է ամէն տարուան Մայիսի առաջին Կիրակին՝ զուգադիպելով Աղեքսանդրիոյ Սուրբ Մակար ճգնաւորին նուիրուած տօնին։ 11-րդ դարուն հիմնադրուած այս վանքը շուրջ 1425 թուականին անցած է հայոց տնօրինութեան տակ եւ մինչեւ 1974 թուականի թրքական ներխուժումը կը հանդիսանար հայութեան կարեւորագոյն հոգեւոր կեդրոններէն ու ուխտատեղիներէն մէկը՝ Կիպրոսի մէջ:
