Հայաստան — Եւրոպական Միութիւն անդրանիկ վեհաժողովը

2222-66

Ընդունուած է հռչակագիր, ստորագրուած են փաստաթղթեր

Մայիս 4-5-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն պատմական առաջին վեհաժողովը: Այս առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Գոշթան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը:

Ողջոյնի խօսքին մէջ Փաշինեան ընդգծած է, որ այս հանդիպումով Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւնները կը բարձրանան նոր մակարդակի, եւ շնորհակալութիւն յայտնած ժողովրդավարական բարեփոխումներուն ԵՄ-ի ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Գոշթա վերահաստատած է ԵՄ-ի յանձնառութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան: Իր կարգին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն վեր առած է Հայաստանի դերը որպէս դէպի Կեդրոնական Ասիա կարճագոյն երթուղի՝ խոստանալով ներդրումային շարունակական աջակցութիւն:

Վեհաժողովի աւարտին ընդունուած է համատեղ հռչակագիր: Բացի ատկէ, ստորագրուած են կարեւոր փաստաթուղթեր, որոնց շարքին՝

  • Կապակցուածութեան գործընկերութեան համաձայնագիրը:
  • Սահմաններու կառավարման ոլորտէն ներս համագործակցութեան աշխատանքային համաձայնութիւնը:
  • Հայաստանին յանձնուած է վիզաներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագրի առաջընթացի զեկոյցը, որ կ՚ուրուագծէ ԵՄ-ի հետ առանց արտօնագրի երթեւեկութեան հասնելու պայմանները: