Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի Մոսկուայի Մայիս 9-ի զօրահանդէսին

Screenshot

Screenshot

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 7-ին լրագրողներու հետ ունեցած կարճ զրոյցին յայտարարած է, որ «նախընտրական քարոզարշաւի սկսելուն պատճառով պիտի չմասնակցի Մոսկուայի Մայիս 9-ի ձեռնարկներուն»։ Ան այս մասին նախապէս տեղեակ պահած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ Ապրիլին Ռուսաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին։

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի վարչապետ Փաշինեան Մոսկուայի մէջ ներկայ գտնուած էր Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին նուիրուած զօրահանդէսին։