Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքին գահակալութեան արարողութիւնը
Մցխեթայի Սվէտիցխովելիի տաճարին մէջ տեղի ունեցած է Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարք Շիօ Գ.-ի գահակալութեան արարողութիւնը։
Վրացական աղբիւրներուն համաձայն՝ արարողութեան ներկայ եղած են եկեղեցւոյ բոլոր բարձրաստիճան հոգեւորականները, Վրաստանի կառավարութեան անդամները, ինչպէս նաեւ Թիֆլիսի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտները։
Սենաքիի թեմի առաջնորդ եւ 2017 թուականէն ի վեր պատրիարքի տեղապահի պաշտօնը վարող 57-ամեայ Շիօ Մուճիրին ընտրուած էր Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ 142-րդ հովուապետ։ Անոր ի նպաստ քուէարկած են Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ Սրբազան սինոդոսի 39 անդամներէն 22-ը։
Ան կը փոխարինէ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ նախորդ հովուապետ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքը, որ վախճանած էր վերջերս՝ 17 Մարտ 2026-ին, 93 տարեկանին։
