«Թուրքերը այսօր կը բանան…». փսփսուքի մը հետքերով

Փսփսուք

Մայիս 12-ի առաւօտեան, Շէնգաւիթի մէջ տեղի ունեցող նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ականջին շշնջացած է.«Թուրքերը այսօր կը բանան… կը յիշէ՞ք քոտերը… ողջունող գրութիւն մը պատրաստենք՝ Արտաքին գործոց նախարարի բանբերին մեկնաբանութեամբ…»։ Փսփսուքը, սակայն, լսելի դարձած է, եւ երբ Փաշինեան ցոյց տուած է բանող բարձրախօսը, նախարարը անմիջապէս ետ քաշուած է։

Այս միջադէպէն ետք, Արարատ Միրզոյեան առայժմ կը խուսափի բացայայտելէ, թէ Թուրքիոյ առնչուող ի՛նչ հարցի շուրջ Երեւանը կը պատրաստուի ողջունող յայտարարութիւն տարածելու։ Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ան մերժած է մանրամասնել այս խօսակցութեան նիւթը՝ նշելով. “Եթէ փսփսալու պահը անցած ըլլար, չէինք փսփսար, միանգամայն տեսախցիկներուն առջեւ կու գայինք ու ուղղակի կ՚ըսէինք”։ Նախարարը վստահեցուցած է, որ եթէ հարց մը տակաւին չի հանրայնացուիր՝ կը նշանակէ, թէ ան տակաւին հոլովոյթի մէջ է. “Երբ ըլլայ՝ անպայման կը հանրայնացուի։ Որեւէ նորութեան պարագային, անմիջապէս թէ՛ լրասփիւռները եւ թէ՛ ամբողջ հայ հանրութիւնը կը տեղեկացուին”։

Աւելի ուշ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշ բացատրութիւններ տուած է եղելութեան վերաբերեալ՝ նշելով, որ խնդիրը կը վերաբերի բեռնափոխադրումներու եւ մաքսային ձեւակերպումներու ընթացակարգերուն։ “Երբ ապրանք կը գնեն որեւէ երկրէ եւ կ՚արտածեն այլ վայր, պէտք է նշուի հասցէատէրը եւ առաքման երկիրը”, բացատրած է ան՝ աւելցնելով, որ նախապէս, Թուրքիոյ օրէնսդրութեամբ եւ կարգաւորումներով, Հայաստանը այդ երկիրներու ցանկին մէջ գոյութիւն չունէր։ Ուստի, առեւտրականները կը ձեւակերպէին երրորդ երկիր մը, եւ ապա այդ երրորդ երկրէն ապրանքը կը վերստին կ՚արտածուէր Հայաստան։

“Գիտէք, որ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ թրքական արտադրութեան ապրանքներ կան, եւ այս մէկը յաւելեալ բարդութիւն էր. այսինքն՝ կը տանէին ուրիշ երկիր, կը ձեւակերպէին, յետոյ հոս կը բերէին”,– նշած է Փաշինեան։ Անոր համաձայն, այժմ թրքական կողմը այնպիսի ձեւակերպումներ կը կատարէ, որպէսզի այդ ցանկին մէջ Հայաստանը ուղղակի նշուի որպէս առաքման երկիր, թէեւ խօսքը ֆիզիքապէս ուղղակի առաքման մասին չէ։