Հերոս վարորդը
Արմէն Խաչատրեան վարորդ է, բայց ոչ՝ սովորական վարորդ մը։
Ան, 2020-ի աշնան, հայոց պատմական «մշակութային մայրաքաղաք» Շուշիի՝ Ազերիներու ձեռքը անցած օրերուն՝ Նոյեմբեր 1-ի գիշերը, առանց կառքին լոյսերը օգտագործելու,– որովհետեւ թշնամիի կրակին տակ կը գտնուէր (Շուշի – Աղաւնօ ճամբու հատուածին, շուրջ 40 քմ.), Շուշիի գորգերու թանգարանի նմուշները Շուշիէն փոխադրած է Երեւանի Պատմութեան թանգարան եւ Ազգային պատկերասրահ:

Անոր վարած կառքին մէջ կար շուրջ 160 գորգ, կարպետ ու ասեղնագործութիւն, 30 խեցեղէն եւ 50 գեղանկար:
Տարհանման ընթացքին նմուշներու հաշուարկում չէ կատարուած եւ այդ ամէնը Արմէնը տեղ հասցուցած է։
Նման սովորական, բայց յանդուգն ու ուղղամիտ հայերու շնորհիւ մենք եղած ենք, կանք ու պիտի մնանք:
